Կութի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու անձնակազմին համար ուտելիք տեղափոխող ինքնաշարժին ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ արձակուած կրակոցներուն պատճառով արձանագրուեցան զոհ մը եւ երկու վիրաւորներ:
Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Ադրբեջանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները թիրախաւորած են եղել նաեւ շտապօգնութեան մեքենան, ինչը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նորմերի կոպտագոյն խախտում է: Զոհուած զինծառայողն է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Արամ Տիգրանի Քոչարեանը: Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վշտակցում եւ զօրակցութիւն է յայտնում զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին», կ՛ըսուի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: