Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի ստեղծման մասին հարցին եւ ըսաւ. «Այդ աշխատանքը կը կատարուի Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու համանախագահութեան ծիրին մէջ. կը քննարկուի Հայաստանի Սիւնիքի մարզով Ատրպէյճանը Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ կապող հաղորդակցութեան երթուղիի վերականգնման նախագիծը, որուն իրականացման մէջ մենք կը տեսնենք Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ յառաջընթացի զգալի ներուժ: Եւ, անշուշտ, ամէն ինչ կախեալ է երկիրներու քաղաքական կամքէն եւ յստակ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու պատրաստակամութենէն»։
Զախարովա անգամ մը եւս դիտել տուաւ, որ Եւոպական Միութեան կազմակերպած վեհաժողովներուն Հայաստանի ղեկավարութիւնը ի՛նք Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցաւ իբրեւ Ատրպէյճանի տարածք՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան հրաժարեցաւ մինչ այդ Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններէն:
Ըստ Զախարովայի՝ Եւրոպական Միութիւնը բոլորովին վարկաբեկեց ինքզինք իբրեւ միջնորդ ո՛չ միայն Պալքաններուն մէջ, այլ նաեւ Հայաստանի իրավիճակին գծով։
«Անոնք մեծ խոստումներ տուին, բայց ոչինչ ըրին բացի սադրանքներէն, որոնք պատճառ դարձան իրավիճակի պայթումին: Իրավիճակը կրնայ եւ պէտք է լուծուէր իրաւական եւ քաղաքական ուղիով՝ նկատի ունենալով իրավիճակի բոլոր պատմական առանձնայատկութիւնները», շեշտեց ան։
Ան յայտնեց, որ 19-20 Սեպտեմբերին Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ եւրոպացի դիտորդները որդեգրած են «ամենազազրելի» դիրքորոշումը: Անոնք սկիզբը զբաղած էին Հայաստանը յորդորելով եւ խոստումներ տալով, եւ Երեւանը ուղղակի ձգեցին այլ ծուղակի մը մէջ, իսկ յետոյ դարձան լուռ դիտորդներ։
Ան շեշտեց, որ Արեւմուտքը` Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը արգելք եղան Հայաստանին՝ կատարելու Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։
Զախարովա յայտնեց, որ իրավիճակի բարելաւման եւ կայունացման օգնելու փոխարէն Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիան մեղադրեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին իբր թէ դաւաճանելուն մէջ:
«Ռուսիան չէ դաւաճանած, անիկա միշտ Հայաստանի կողքին եղած է, դադրեցուցած է արիւնահեղութիւնը, օգնած է ֆինանսապէս եւ մարդասիրաբար»:
Ան աւելցուց, որ իրականութեան մէջ Եւրոպական Միութիւնը դաւաճանեց հայերուն։