Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին ուղղութեամբ Սուրիոյ հետ գործակցութեան:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցած է սուրիացի իր պաշտօնակից Ֆայսալ Մքտատի եւ ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պասսամ Սապպաղի հետ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար պիտի նշանակուի:
Պու Հապիպ նշեց, որ Մըքտատի հետ համաձայնած է այցելել Դամասկոս` Միացեալ Նահանգներէն Պէյրութ վերադառնալէ ետք:
«Այս հարցին գծով, Սուրիոյ պաշտօնական կեցուածքը յստակ է եւ անիկա յայտարարուած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կողմէ: Սուրիա պատրաստ է տեղահանուած իր զաւակները հիւրընկալելու եւ անոնց հարցերը լուծելու: Հարցը այն է, որ այդ տեղահանուածները ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան, եթէ ՄԱԿը անոնց նիւթական, առողջապահական, սննդեղէնի եւ ուսման ծառայութիւններ կը մատուցէ` Լիբանանի, Յորդանանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Նաեւ կայ այլ հարց մը. անոնք ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան իրենց քանդուած գիւղաքաղաքները, երբ տակաւին արաբական աշխարհին կամ միջազգային ընտանիքին կողմէ ոչ մէկ յանձնառութիւն յայտնուած է այդ գիւղաքաղաքները վերակառուցելու ուղղութեամբ», հաստատեց ան:
Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին, 30 հազար սուրիացի տեղահանուածներու ալիքի մը Լիբանան հասնելուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Պու Հապիպ ընդգծեց, որ Սուրիոյ տնտեսական վիճակը շատ ծանր է` անոր վրայ պարտադրուած շրջափակումին պատճառով:
Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Պու Հապիպ հաստատեց, որ ՄԱԿը տակաւին կը հաստատէ, թէ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը անապահով է եւ այդ պատճառով կը շարունակէ սուրիացի տեղահանուածներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել:
Այս շրջագիծին մէջ, Պու Հապիպ հաստատեց, որ արեւմտեան երկիրները աւելի շատ հետաքրքրուած են Ուքրանիոյ կացութեամբ` աւելցնելով, որ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապը կրնայ սնանկացնել արեւմտեան երկիրները, որոնք թէեւ Եւրոպական Միութեան խորհրդաժողովին ընթացքին խոստացան 9 միլիառ տոլար տրամադրել` սուրիացի տեղահանուածները հիւրընկալող երկիրներուն, սակայն հաւանաբար անոնք այդ գումարէն միայն 2 միլիառ տոլար կարենան տրամադրել: