ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Շարժանկարի վաւերագրող Արտակ Աւդալեան կը պատրաստուի նկարահանել պատմական Կիլիկիոյ նուիրուած շարժանկար: Այս մասին յայտնեց բեմադրիչը եւ նշեց, որ շարժանկարը պիտի բաղկանայ 4 մասերէ: Առաջին մասին մէջ պիտի ներկայացուի նախաթագաւորութեան ժամանակաշրջանը, երկրորդին՝ Կիլիկիոյ թագաւորութեան հիմնադրումը եւ զօրացումը, իսկ երրորդին՝ թագաւորութեան անկումը, պատճառները եւ նախկին թագաւորութեան տարածքին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները՝ մինչեւ 1915 Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներառեալ:
«Այսինքն փորձելու ենք ցոյց տալ, որ թագաւորութեան անկումից յետոյ հայերը ոչ միայն շարունակել են գոյատեւել Կիլիկիայում, այլեւ բոլոր բնագաւառներում ունեցել են յաջողութիւններ», նշեց Ա. Աւդալեան:
Շարժանկարի չորրորդ մասը, ըստ բեմադրիչին, պիտի պատմէ աշխարհի տարածքին սփռուած կիլիկեցիներու ժառանգներուն, ինչպէս նաեւ այժմ Կիլիկիոյ տարածքին ապրող իսլամացած հայերու մասին: