Ռուսիա բարձրագոյն մակարդակով դարձեալ յայտարարեց, թէ իր խաղաղապահները ընելիք ունին Հարաւային Կովկասի մէջ, թէեւ Արցախի մէջ, ուր անոնք առաքելութիւն կ՛իրականացնեն, հայեր գրեթէ չեն մնացած:
«Մոսկուան է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման հիմնական միջնորդը», պնդեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով «Ռուսիա Համաշխարհային Քաղաքականութեան Մէջ» կայքին վրայ հրապարակած յօդուածով:
«Այժմ, երբ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարները կարգաւորած են երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հարցը, եկած է խաղաղ կեանքի հաստատման եւ վստահութեան ամրապնդման ժամանակը: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պատրաստ է ամէն ձեւով նպաստելու անոր», գրած է Լաւրով:
Միւս կողմէ, Լաւրովի տեղակալը յայտնեց, թէ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը առաւել քան պահանջուած է, եւ որ Մոսկուա Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին ներկայացուցած է երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ առաջարկներ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն ցարդ չարձագանգեցին «Ազատութեան» հարցումին, թէ ինչի՛ մասին են այդ առաջարկները եւ թէ անոնք ընդունելի՞ են արդեօք Երեւանի համար:
Պաքու, որ մինչ այդ ամէն առիթով կը շեշտէր, թէ ռուս խաղաղապահները ժամանակաւոր են Արցախի մէջ, տակաւին հրապարակաւ չէ պահանջած, որ ռուսերը հեռանան Ղարաբաղէն: Պաշտօնական Մոսկուա պարբերաբար կը յայտարարէ, թէ ռուս խաղաղապահներուն հարցը պիտի քննարկէ Պաքուի հետ:
Մինչ այդ, Լաւրով կրկնեց պաշտօնական Մոսկուայի թէզը, թէ Պրիւքսէլ՝ իր սեփական շահերէն մեկնելով, Ուաշինկթընի հետ կ՛ապակայունացնէ Հարաւային Կովկասը, պարտադրելով իր միջնորդական ծառայութիւնները Հայաստանին եւ Վրաստանին: Նոյն ատեն Մոսկուա կ՛ընդգծէ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ կապերը երբեք չեն դադրած, եւ թէ պատրաստ է կողմերուն հետ նոր հանդիպում կազմակերպելու:
Ասոր զուգահեռ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերՄարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Ռուսիա յոյս ունի, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գերիներու փոխանակման գործընթացը յաջողութեամբ կ՛աւարտի։
«Պահուող մարդոց նկատմամբ՝ որեւէ իրավիճակի մէջ պէտք է կիրարկուին մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքները: Մենք բազմիս կոչ ուղղած ենք մեր գործընկերներուն՝ երկկողմ կամ եռակողմ ձեւաչափով աւարտել գերիներու փոխանակումը՝ «Բոլորը բոլորին դիմաց» սկզբունքով: Անոր համար շատ լաւ պայմաններ հասունացած են արդէն: Յոյս ունինք, որ նշեալ հարցը յաջողութեամբ կը լուծուի», յայտնեց Զախարովա:
Ռուսիոյ խաղաղապահներու գործունէութեան մասին ան կրկնեց Մոսկուայի բազմիցս բարձրաձայնած տեսակէտը, թէ՝ Հայաստանի վարչապետին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալէն ետք՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին լրջօրէն փոխուած են ռուսական խաղաղապահ զօրակազմ մը տարածաշրջանը մտցնելու պայմանները, իսկ 19էն 20 Սեպտեմբերին, ըստ անոր, ռազմական բախումներէն ետք բնակչութեան զանգուածային արտագաղթի լոյսին տակ, խաղաղապահներու գործունէութիւնը պիտի պատշաճեցուի։
Զախարովա նշեց, որ ռուսական խաղաղապահներու մնայուն եւ ժամանակաւոր քանի մը դիտակէտեր արդէն փակուած են: «Մեր խաղաղապահներուն վերաբերող սկզբունքային հարցերը, ինչպէս արդէն ըսած ենք` կը քննարկուին Պաքուի հետ», յայտնեց Զախարովա:
Այս պահուն, Ատրպէյճանի մէջ բանտարկուած են քանի մը տասնեակ հայեր` Հայաստանէն եւ Արցախէն, որոնց կարգին՝ Արցախի նախկին նախագահները եւ այլ պաշտօնեաներ: Հայաստանի մէջ կան բանտարկուած երկու ատրպէյճանցիներ, որոնցմէ մէկը նաեւ սպանութեամբ կը մեղադրուի։