Ձայներու 32 թեր, 5 դէմ յարաբերակցութեամբ իշխող կուսակցութեան թեկնածու Տիգրան Աւինեան 10 Հոկտեմբերին ընտրուեցաւ Երեւանի քաղաքապետ, թէեւ «Քաղաքացիական Պայմանագիր»ը ընտրութիւններուն նոյնիսկ քուէներուն մէկ երրորդը չէր ստացած:
Այս հարցը քուէարկութեան չէր հասներ, եթէ նիստը պոյքոթի ենթարկելու՝ Հայկ Մարութեանի կոչին Անդրանիկ Թեւանեանի խմբակցութենէն բացի, նաեւ հետախուզուող ոստիկան Վարդան Ղուկասեանի ուժը համաձայնէր: Բայց «Հանրային Ձայն»ը եւ «Հանրապետութիւն»ը իրենց 13 աթոռներով անհրաժեշտ օրինական մեծամասնութիւնը ապահովեցին:
Քաղաքապետ ընտրուելու համար Աւինեան կարիք ունէր երեք քուէներու, զորս ապահովեց Արամ Սարգսեանի հիմնադրած «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը:
Ընդդիմադիր ուժը 10 Հոկտեմբերին իշխանութեան հետ համաձայնական յուշագիր ստորագրեց: Աւինեան յայտարարեց, որ միասին պիտի կառավարեն քաղաքը, առանց յստակացնելու, թէ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ցանկը գլխաւորող Արտակ Զէյնալեան պիտի նշանակուի՞ փոխքաղաքապետ, թէ` ոչ:
«Համատեղ յուշագիրը քաղաքական առեւտուր չէ՞», հարցուցին լրագրողները` յիշեցնելով, որ «Հանրապետութիւն»ը ընտրարշաւին ընթացքին կը քննադատէր իշխանութիւններըը:
«Ամէն ինչ եղել է հանրային, բոլորը բացայայտ իրար հետ էդ առեւտուրը իրականացրել են, մենք ասել ենք, որ մերժում ենք էդ ձեւը, մենք մերժում ենք այլ ուղղուածութիւններ, այլ գաղափարական հենք ունեցող խմբակցութիւնների հետ որեւէ կերպ դաշինք կազմել», Աւինեան:
«Հանրապետութիւն»ը իր ունեցած բոլոր` 8 ձայները տուաւ Աւինեանին: «Հանրային Ձայն» կուսակցութեան 7 անդամներէն քուէարկութեան մասնակցեցան 5ը, որոնք դէմ քուէարկեցին: Բացականերէն Արտակ Գալստեան բանտարկուած է, իսկ Տիգրան Ուրիխանեան երկրէն սուրս կը գտնուի:
Ընդդիմադիր միւս ուժը` Հայկ Մարութեանի գլխաւորած «Ազգային Առաջընթաց»ը, 14 յանձնառութիւններով պիտի մասնակցի նիստերուն, փոխանցեցին Մարութեանի գրասենեակէն:
Իսկ 12 աթոռներ ունեցող Անդրանիկ Թեւանեանի հետ կարելի չեղաւ կապ հաստատել, կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։