ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Քաղաքական կեանքի մէջ, միշտ եղած են ընդհանրապէս առանց իրական հիմքերու դաւադրապաշտական տեսութիւններ, որոնք իրաւացիօրէն տեղ չեն գտած հասարակութիւններու մէջ: Այդ տեսութիւններէն մէկուն ականջալուր եղանք անցեալ շաբաթ, Կազայի եւ Իսրայէլի միջեւ ծայր առած կործանարար պատերազմին մեկնարկէն ետք, որուն հետեւանքները շատ անկանխատեսելի են: Այդ պատերազմին բռնկման համար, շուտով քաղաքական շրջանակներուն մէջ տարածուեցաւ այն հարցականը, թէ ինչպէ՛ս իսրայէլեան հետախուզական ծառայութիւնները իրազեկ չէին եղած այս տարողութեամբ եւ մանրակրկիտ կերպով ծրագրուած լայնածաւալ յարձակումի մը պատրաստութենէն, երբ անոնք աշխարհի ամէնէն կատարելագործուած ծառայութիւններէն մէկը ըլլալու հռչակը ունին:
Միւս կողմէ, զարմանալու առիթ կու տայ պաղեստինցիներուն սանձազերծած այս յարձակումը, երբ բազմիցս փաստուած է, որ իսրայէլեան բանակը անհամեմատօրէն աւելի զօրաւոր է, քան՝ պաղեստինեան անկանոն կիսաբանակային ջոկատները, որոնք կը գործեն ամէն կողմէ շրջապատուած՝ ծովով, Իսրայէլի Նեկեւի անապատով եւ Եգիպտոսի փակ սահմանով: Գետնի վրայ եղած այս անհաւասարութիւններէն բացի, տակաւին կայ այն փորձառութիւնը, որ իսրայէլեան անհամաչափ եւ քանդիչ պատասխանը երբեք չէ առաջնորդուած մարդկային իրաւունքներ նկատի ունենալու սկզբունքով, իսկ գերպետութիւնները եւ Իսրայէլի դաշնակիցները անվերապահօրէն թիկունք կանգնած են անոր գործողութիւններուն:
Երկուստեք եւ մանաւանդ իսրայէլացիներու հազարաւոր զոհերու եւ վիրաւորներու թիւին ի տես, եթէ այս յանկարծակի պատերազմը վերջ գտնէ ինչպէս անցեալի բռնկումները, առանց Իսրայէլի ի նպաստ յիշատակելի զարգացումներու եւ բեկումնային արդիւնքներու՝ կարելի է եզրակացնել, որ իսրայէլեան հետախուզութիւնը լրջօրէն ձախողած է: Հակառակ պարագային, դաւադրապաշտական տեսութեան համաձայն, եթէ այս բոլորը Իսրայէլի կողմէ ծրագրուած էր, պատերազմը կրնայ յանգիլ հետեւեալ զարգացումներէն մէկուն կամ հանգրուանային զարգացումներով՝ բոլորին.
1.- Կազայի վերջնական կործանման եւ երկու միլիոն երկու հարիւր հազար բնակչութեան տեղահանման եւ արտաքսման, Ռաֆահի ցարդ փակ անցակէտով դէպի դրացի Եգիպտոս:
2.- Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան՝ պատերազմին մասնակցելուն եւ Հիւսիսային Իսրայէլի տարածքին մէջ գործողութիւններու, որոնք պատճառ կրնան դառնալ Լիբանանի դէմ լայնածաւալ օդային յարձակման:
3.- «Հըզպալլա»ի հաւանական գործողութիւններուն, որոնք կրնան Լիբանանի մէջ քաղաքացիական նոր պատերազմի մը մեկնարկը ըլլալ:
4.- Արեւմտեան Ափի երեք միլիոն պաղեստինցիներու պոռթկումին եւ իսրայէլեան բանակին հետ լայնածաւալ բախումներու հաւանականութեան, որ կրնայ յանգեցնել պաղեստինեան բնակավայրերու քանդումին եւ արտաքսման:
5.- Յորդանանի ներքին ապակայունացման, նկատի ունենալով, որ երկրին բնակչութեան 20 տոկոսը՝ մօտաւորապէս երկու միլիոնը, պաղեստինցիներ է:
6.- Բուն Իսրայէլի երկու միլիոն պաղեստինցիներու բողոքի ելոյթներու հաւանականութեան:
Պաղեստինցիներու ժողովրդագրական պատկերը եւ անոնց բնական աճի սպառնալիքը Իսրայէլեան պետութեան ուշագրաւ են: Վստահաբար, Իսրայէլ պիտի ուզէր առիթ մը ստեղծել արաբ բնակչութենէն ձերբազատելու:
Ուշագրաւ է նաեւ ամերիկեան եւ անգլիական օդանաւակիրներուն եւ ռազմանաւերուն դէպի Միջին Արեւելք ժամանումը՝ ի պաշտպանութիւն Իսրայէլի պետութեան, որ կը բացատրուի պատերազմի ընդարձակման հաւանականութեան կամ ծրագրուած միտումին:
Պատերազմին անմիջական արձագանգը արդէն լսելի դարձաւ Թուրքիայէն, երբ նախագահ Էրտողան քննադատեց ամերիկեան կառավարութեան՝ Իսրայէլի աջակցութիւնը եւ պաղեստինեան ողբերգութեան նկատմամբ լռութիւնը, այսպիսով աւելի խորացնելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող պաղութիւնը թուրք-ամերիկեան յարաբերութեան մէջ: Անդին՝ Թուրքիոյ կրտսեր եղբայր Ատրպէյճանի մէջ, կան իսրայէլեան ռազմակայանները՝ ընդդէմ Իսրայէլի հակառակորդ եւ պաղեստինցիներուն ենթադրեալ զօրակից եւ հովանաւոր, Իսրայէլէն 1500 քիլոմեթր հեռու Իրանի: Տակաւին կան լուրեր եւ քարտէսներ, որոնց վրայ պատկերուած են Իսրայէլէն դէպի Պաքու կատարուող օդային կամուրջները, որոնք կ՛ենթադրուին ըլլալ զինամթերքի եւ սպառազինութեան փոխադրումներ: Արդեօք անոնք հասցէագրուած են Պաքուի բանակի՞ն, թէ Ատրպէյճանի տարածքին եւ թերեւս Արցախի գրաւուած Իրանի սահմանակից բարձունքներուն վրայ ենթադրաբար գտնուող իսրայէլեան ռազմակայաններուն՝ Իրանի դէմ օգտագործուելու համար, յստակ չէ: Ամէն պարագայի, Իրան կը պնդէ, թէ ինք ոչ մէկ կապ ունի Կազայի պաղեստինեան «Համաս»ի գործողութիւններուն հետ, բացի բարոյական աջակցութենէն. Արեւմուտքը եւ Իսրայէլ խստօրէն կը զգուշացնեն հետագայ որեւէ միջամտութենէ:
Մոլորակի համաշխարհայնացումէն եւ նոյնիսկ անկէ առաջ տեսած ենք, թէ աշխարհի որեւէ կէտի վրայ ճգնաժամ մը անպայման իր շղթայական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ տարբեր երկիրներու վրայ. տարբեր չէ պարագան Կազայի մէջ եւ շուրջը ընթացող այս պատերազմին: Թերեւս անոր ազդեցութիւնը հասնի Կովկասի մէջ տեղի ունեցող ուժերու նորագոյն հաւասարակշռութեան գործընթացին:
Արցախի պատերազմին մեր ջախջախիչ պարտութենէն ետք, Ատրպէյճանի ախորժակը տակաւին բաց է եւ կը պնդէ Հայաստանի տարածքով դէպի Նախիջեւան միջանցք մը ունենալու իր պահանջին վրայ, որ Հայաստանի ինքնիշխանութեան դէմ նկրտում մըն է:
Հայաստանի կողմէ կայ մտավախութիւն, որ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ թոհուբոհէն օգտուելով, Ատրպէյճան փորձէ ուժի դիմելով՝ ներխուժել Հայաստան: Ցարդ միջազգային ընտանիքը Ատրպէյճանը զգուշացուցած է այդպիսի քայլէ մը, մինչ Իրան բազմիցս յայտարարած է թէ այժմու սահմանները կարմիր գիծ են իրեն համար եւ չի հանդուրժեր որեւէ փոփոխութիւն, ակնարկելով Հայաստանի հետ իր սահմանը:
Չենք գիտեր, եթէ Պաքուի կողմէ Սիւնիքի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի նկատմամբ զինուորական գործողութեան մը սանձազերծման պարագային, Իրան իսկապէս կը միջամտէ՞, թէ կը նախընտրէ լուռ դիտորդի դեր խաղալ, այդպիսով Ատրպէյճանի յաջողութեան պարագային յաւելեալ մեկուսացման ենթարկուիլ եւ կորսնցնել իրեն համար կենսական, դէպի Սեւ Ծով, հարաւ-հիւսիս ճանապարհային ենթակառոյցները:
Այդպիսի միջամտութեան մը մասին անուանի հետազօտական ծառայութիւններէ ցարդ մեզի յայտնի չեն որեւէ հրապարակուած ուսումնասիրութիւն կամ տեսակէտներ, բացի արաբական երկիրներէն եւ մասնաւորաբար եգիպտական քաղաքական հետազօտական կեդրոնէ (think tank) մը, որոնք կը կարծեն, որ Իրան պիտի ունենայ հետեւեալ հակադարձութիւններէն մէկը եւ կը նկարագրեն այդ բեմագրութիւնները.
1.- Ռազմական կոշտ միջամտութիւն մը ընդդէմ Ատրպէյճանի, լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու դիմելով անոր դէմ: Նոյն հետազօտական աղբիւրները կ՛աւելցնեն, որ այս ընտրանքը քիչ հաւանական է:
2.- Ոչ մէկ միջամտութիւն, որ նոյնպէս շատ քիչ հաւանական է:
3.- Իրանեան զօրաբաժիններու Հայաստան մուտքը՝ արգիլելու ատրպէյճանական ներխուժում մը: Այս մէկն ալ հաւանական չի նկատուիր:
4.- Իրանի կողմէ անհրաժեշտ սպառազինութեան հայկական պետութեան մատակարարումը: Այս բեմագրութեան հաւանականութեան նկատմամբ համակարծիք են բոլոր այդ արաբական վերլուծական կեդրոնները:
Յուսանք, ոռ Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռնածալ չեն մնար եւ ուշի ուշով կը հետեւին Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ ռազմական զարգացումներուն ու պատրաստ կ՛ըլլան ներկայի հնարաւորութիւնները ի գործ դնելու՝ բոլոր հաւանականութիւններուն պարագային:
Մեզի օդի եւ ջուրի չափ պէտք են դաշնակիցներ եւ նորագոյն զէնքեր: Իրապաշտօրէն պէտք է գիտակցինք, որ Ատրպէյճանի դէմ նոր պատերազմի մը պարագային չենք կրնար պարտութեան մատնել զայն, մանաւանդ իրեն աջակցող Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ դերակատարութեան պատճառով, սակայն ստիպուած ենք առնուազն արգելք հանդիսանալ անոր յառաջխաղացման Հայաստանի սահմաններէն ներս: Այդ նպատակին համար, մեզի առաւելաբար անհրաժեշտ են պաշտպանական սպառազինութիւն եւ ամրակուռ մատոյցներ ամբողջ սահմանի երկայնքին:
Դժբախտաբար, անցեալին մեզի շնորհուած սուղ ժամանակը մսխած ենք եւ նոյնիսկ հիմա, մեր բոլոր հնարաւորութիւնները զօրաշարժի ենթարկելու կարելիութենէն զուրկ ենք, առաւելաբար մեր միասնականութեան բացակայութեան պատճառով: Մեր ուժերու առաւելագոյն լարումին դէմ խոչընդոտ է, այսպէս կոչուած «ընդդիմութիւն»ը, մինչ պատերազմներու եւ արտաքին վտանգներու ատեն, ՊԱՐՏԱԴԻՐ է բոլորին ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ շուրջ բոլորուիլ՝ միասնաբար դիմագրաւելու վտանգը եւ ճգնաժամէն յուսալի ելք մը գտնելու համար:
Վերջապէս, ե՞րբ պիտի արթննանք: