ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ 4100Ի ՍԱՀՄԱՆԸ Կ՛ԱՆՑՆԻ
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ բանակը Կազայի դէմ սպասուող ցամաքային ընդհանուր յարձակումի շղթայազերծման համար «քաղաքական որոշումին» կը սպասէ, հակառակ այն իրողութեան, որ անցեալ Ուրբաթ օր, յատուկ ուժերը հիւսիսային Կազայի մէջ յետախուզական գործողութիւններու դիմած էին։
Իսրայէլեան բանակը իր ուժերէն հարիւր հազարաւորներ կուտակած է Կազայի հետ սահմանին մօտ, եւ զինուորական պաշտօնատարներ կը հաղորդեն, որ ցամաքային գործողութեան մը շղթայազերծման համար, բոլոր պատրաստութիւնները ամբողջացած են:
Իսրայէլեան բանակէն անանուն սակայն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ»ին յայտնեցին, որ բանակը եղանակային պայմաններուն պատճառով յետաձգած է Կազայի դէմ իր ցամաքային գործողութեան մեկնարկը:
Ներխուժումը սկիզբէն ծրագրուած էր անցնող շաբաթավերջին, կը գրէ ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթը, եւ յետաձգումը կը կապէ կլիմայական պայմաններուն, որոնք «դժուար պիտի դարձնէին իսրայէլացի օդաչուներու եւ անօդաչու թռչող սարքերը կառավարողներու համար ցամաքային ուժերու օդային պաշտպանութիւնը ապահովելը»:
«Ներկայ գործողութեան նպատակը «Համաս»ին վերջ տալէն մեծ է», յայտնեց Իսրայէլի ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Ցահի Հանեկպի։
Նշենք, որ իսրայէլեան շարունակուող ռմնակոծումները ցարդ առնուազն 2700 զոհեր խլած են Կազայի մէջ, իսկ իսրայէլեան կողմը ունի մօտաւորապէս 1400 զոհեր։
«Իսրայէլին անոր աջակցողներուն ճամբով փոխանցուեցաւ, որ եթէ Կազայի մէջ անոր ոճիրները չդադրին, վաղը շատ ուշ պիտի ըլլայ: Պատերազմի ճակատներու ընդլայնումը բացառուած չէ, եւ անոր հաւանականութիւնը ժամ առ ժամ կ՛աւելնայ», յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան:
Ան աւելցուց, որ «Հըզպալլա»ն ճշդած է կարմիր գիծերու բոլոր փուլերը, եւ իւրաքանչիւր փուլի պատշաճ քայլերը պիտի որդեգրէ:
Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Կազայի բնակիչներուն սպանութիւնը չդադրի, կացութիւնը պիտի բարդանայ եւ պատերազմը պիտի ընդլայնի:
«Աքսիոս»ը, յղում կատարելով երկու աղբիւրներու՝ Շաբաթ օր հաղորդած էր, որ Իրան ՄԱԿի ճամբով պատգամ յղած է Իսրայէլին, թէ պիտի ստիպուի միջամտել, եթէ Կազայի դէմ յարձակումը շարունակուի:
Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «պէտք է աշխատանք տանիլ՝ դադրեցնելու Կազայի մէջ զինուորական գործողութիւնները, որոնց զոհ գացին անմեղներ»:
Միւս կողմէ, Պլինքըն Չինաստանին կոչ ուղղեց՝ Միջին Արեւելքի մէջ իր ազդեցութիւնը օգտագործելու՝ կանխարգիլելու համար, որ այլ պետութեան մը ոչ-պետական դերակատարներ պատերազմի տարողութիւնը ընդլայնեն:
«Բոլորը պէտք է ետ կանգնին արարքներէ, որոնք կրնան կացութեան մագլցումի յանգեցնել», իր կարգին յայտնեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Եի՝ կոչ ուղղելով՝ բանակցութիւններու սկսելու: Ան նաեւ նշեց, որ այն, ինչը Իսրայէլ կ՛ընէ, «ինքնապաշտպանութեան սահմանէն անդին կ՛անցնի եւ անոր ղեկավարութիւնը պէտք է դադրեցնէ Կազայի բնակչութեան հաւաքական պատիժը»: