«ԾԵԾԵԼ ԵՆ, ՍՏԻՊԵԼ ՎԻՐԱՒՈՐ ՁԵՌՔԵՐՈՎ ՀՐՈՒՄ ԱՆԵԼ»
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 45ամեայ Մաւրիկ Փաշայեանի տանջանքները տեւած են շուրջ մէկ շաբաթ։ Հայրենի Սզնեք գիւղէն փախուստի ընթացքին, ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ գերի բռնուելով՝ ան խոշտանգումներու եւ նուաստացումներու ենթարկուած է։
Մաւրիկը, որ հաշմանդամ է եւ այդ պատճառով բանակին մէջ չէ ծառայած, 19 Սեպտեմբերի յարձակումին ընթացքին տունը գտնուած է եւ ապա լուր ստացած է, որ պէտք է հեռանան։
Մաւրիկը իր եղբօր, հօրեղբօր ու համագիւղացի 80 տարեկան Նուարդին հետ փորձած են քալելով փախչիլ ու պատսպարուիլ գիւղը շրջապատող անտառներուն մէջ։ Հոն անոնք անօգնական վիճակի մէջ գտած են Սզնեքի գիւղապետի տարեց հայրը, որ քալել չկարնելով, մնացած էր անտառին մէջ։
Մաւրիկի եղբայրը՝ Մելքիսէթը, որոշած է անօգնական եւ տարեց մարդիկը տարհանելու համար օգնութիւն փնտռել, սակայն գերի բռնուած է։ Մաւրիկը եւ Նուարդը քանի մը օր առանց ուտելիքի մնացած են անտառին մէջ, ապա քալելու անկարող հօրեղբայրը՝ Շուրա Մանասեանը հոն ձգելքվ՝ հեռացած են։ Անոր մասին ցարդ տեղեկութիւններ չկան։
Աւելի ուշ, Կարմիր գիւղի մօտակայքը գերի բռնած են Մաւրիկը եւ Նուարդը։ Հրազէնով վիրաւորած են Մաւրիկը, ապա սկսած են զայն ծեծել։
Համագիւղացի տարեց կինը փորձած է սաստել զինուորները եւ իրենց իսկ լեզուով խնդրած է, որ չտանջեն, բայց անոնք ծիծաղած են եւ սկսած են ծաղրել Նուարդը, ապա զիրենք տարած են Շուշի։ Հոն եւս խոշտանգումները շարունակուած են։ «Ծեծել ու ստիպել են վիրաւոր ու կոտրուած ձեռքերով հրում վարժութիւն անել, մի ոտքի վրայ կանգնել», կ՛ըսէ Մաւրիկը։
«Ասացին՝ դու որտե՞ղ ես ուզում գնաս։ Ասացի՝ Արցախ եմ ուզում։ Ասաց՝ Արցախ՝ ոչ, մի ասա այդպէս։ Ասացի՝ լաւ, Երեւան տարէք։ Ասաց՝ Երեւան, այո, կը տանենք։ 2-3 օր պահեցին։ Զինուորական էլ կար, ոստիկան էլ կար, բոլորն էլ կային։ Քնած ժամանակ կօշիկով խփում էին՝ վեր կաց տեղիցդ։ Մի ոտքի վրայ կանգնեցրին, ասացին՝ օտժիմանի արա (մարզանք՝ հրել-բարձրանալ յատակից): Ասացի՝ ձեռքերս… չեմ կարողանում, ցաւում են։ Ասաց՝ արա, հարուածեց… Ասացի՝ չեմ կարողանում, բարկացաւ, ցատկեց կրծքիս ոտքով խփեց, շունչս կտրուեց… յետոյ սկսեցին ծաղրել ինձ», կը պատմէ Մաւրիկը:
Աւելի ուշ, Կարմիր Խաչի միջոցով Մաւրիկը յանձնած են Հայաստան գտնուող հարազատներուն։ «Մաւրիկի գլուխն ուռած էր, կապտուկներ կար վրեն», կ՛ըսէ Մաւրիկի եղբօր կինը՝ Նայիրա Փաշայեան:
Այժմ Մաւրիկի վիճակը բաւարար է։ Ան հայրենի Սզնեք վերադառնալու յոյս չունի:
Խոշտանգումներու ենթարկուած, 2րդ կարգի հաշմանդամ Մաւրիկը Հայաստանի կառավարութեան տրամադրած 100 հազար դրամ օգնութիւնը տակաւին չէ ստացած, որովհետեւ ան բուժման ընթացքին չէ կրցած հաշուեհամար բանալ։
Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը փոխանցեց, որ Մաւրիկ Փաշայեան կրնայ իր օգնութիւնը ստանալ «Հայփոստ»էն՝ առանց հաշուեհամար բանալու, որովհետեւ ան 2րդ կարգի հաշմանդամ է: