Հայաստանի հետ բանակցութիւններու ձեւաչափը շարունակաբար փոփոխութիւններու ենթարկելու՝ Ատրպէյճանի փորձերը հայկական կողմին մօտ կասկածներ յառաջացուցած են, յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան՝ անդրադառնալով այն իրողութեան, որ Պաքու համամիտ կը թուի ըլլալ բանակցութիւններու արեւմտեան ձեւաչափին եւ յայտարարած է, որ պատրաստ է բանակցութիւններ վարելու Վրաստան մէջ:
«Ըստ էութեան, ձեւաչափերի մշտական փոփոխութիւնը մեզ մօտ լրջագոյն կասկածներ է յարուցում, թէ արդեօք պաշտօնական Բաքուն ընդհանրապէս հետաքրքրուած է խաղաղութեան գործընթացն աւարտին հասցնելով, թէ՞ իրենք ուղղակի մի ձեւաչափից միւսն են փորձում անցնել եւ այդպէս յստակ պայմանաւորուածութիւնների ձեռք բերումից խուսափեն», ըսաւ Կոստանեան:
Ան աւելցուց, որ հայկական կողմը պատրաստ է Պրիւքսէլի մէջ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան նախատեսուող հանդիպումին մասնակցիլ:
«Մեզ համար կարեւոր է, որ մենք կարողանանք կարգաւորուել յարաբերութիւնները: Եւ այդ կարգաւորումից յետոյ ձեռք բերուած եւ գրաւոր ամրագրուած պայմանաւորուածութիւնները յարգուեն, եւ գործընկերները երաշխաւորեն, որ ադրբեջանական կողմը չի խախտի», նշեց Կոստանեան:
«ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՉՊԷՏՔ Է ՈՏՆԱՀԱՐԵՐԻ ԼՂ ՀԱՅԵՐԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԻ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒՄԸ»
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը որեւէ կերպով պէտք չէ ոտնահարէ Արցախի հայերու ապահովութիւնը եւ իրաւունքները երաշխաւորելու ջանքը, ըսաւ Կոստանեան՝ դատապարտելով Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած բռնարարքները։
Ան ընդգծեց, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած ատրպէյճանցիներու գործած բռնարարքները ոչ մէկ ձեւով կարելի է արդարացնել։