2001 թուականի այս օրը, մարդկութիւնը ականատես եղաւ անմեղներու դէմ գործադրուած սպանդի մը, որու ցնցիչ բնոյթը համաշխարհային ընդվզումի այնպիսի ալիք մը բարձրացուց, որ պահ մը ենթադրել տուաւ, թէ նմանօրինակ արարքներ այլեւս չեն կրնար կրկնուիլ:
6 տարի առաջ այսօր, քաղաքային օդանաւերով կատարուած յարձակումը խլեց մօտաւորապէս 3000 անմեղներու կեանքը՝ սովորական քաղաքացիներ, հրշէջներ, ոստիկաններ եւայլն:
Նիւ Եորքի ու Վըրճինիայի մէջ անմեղներու դէմ կատարուած անարգ յարձակումները, փոխանակ կանխարգիլելու անմեղ քաղաքացիներու դէմ ոճրային արարքները, լայնօրէն շահագործուեցան այնպիսի զինուորական գործողութիւններով, որոնց ընթացքին ինկան հարիւր հազարաւոր անմեղ քաղաքային զոհեր Աֆղանիստանի եւ կարճ ատեն մը ետք՝ Իրաքի մէջ, ուր անմեղներու արիւնահեղութիւնը կը շարունակուի մինչեւ այսօր:
Բռնութիւնը կամ բռնարարքները չեն մարդկութեան դիմագրաւած տագնապներուն լուծում տուողը: Բռնարարքները աւելի կը բարդացնեն տագնապալի կացութիւնները, կը հրահրեն ատելութիւնը եւ կը խորտակեն մարդկային համակեցութեան բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները:
Ճիշդ է, վարչակարգի փոփոխութիւններ տեղի ունեցան թէ՛ Աֆղանիստանի եւ թէ Իրաքի մէջ, սակայն վարչակարգի փոփոխութիւնները չբերին խաղաղութիւն եւ ոչ ալ կասեցուցին արիւնահեղութիւնը:
Մեծապետական քաղաքականութիւնը այնքան գինովցած է իր զինուորական հզօրութեամբ, որ զինուորական լուծումէ զատ այլ ընտրանքներ չ’ուզեր տեսնել: Իսկ զինուորական լուծումները, իրենց բնոյթով իսկ, միայն նորանոր բռնարարքներու պատճառ կը հանդիսանան:
Կրօնական մոլեռանդութիւնը, իսլամական ըլլայ ատիկա, քրիստոնէական, եբրայական թէ պուտտայական, միայն չարիք կը հասցնէ ազգերու համաշխարհային ընտանիքի խաղաղ գոյակցութեան: Ընտանիք մը, որ այսօր կը դիմագրաւէ այնպիսի հարցեր, որոնք քաղաքական սահմաններ չեն ճանչնար: Օրինակ, երկրագունդի համընդհանուր ջերմացումը, բնական աղբիւրներու նուազումը, անարդարութիւններ յաւերժացնելու ձգտող մեծապետական քաղաքականութիւն՝ ասոնց ընկերացող տնտեսական-ընկերային տագնապներով:
Մարդկութիւնը իմաստուն ղեկավարումի եւ ոչ թէ բլթակի սիրահարներու կարիքը ունի այսօր: