ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Միշտ խրտչած եմ «արտասահման» եզրոյթէն: Սահմանէն դուրս. անորոշութի՜ւն, սահմանափակում մը կայ, ուրեմն` սահմանէն դուրս անցած, նետուած զանգուած մը: Մինչդեռ մենք ոչ թէ ներկայ Հայաստանի, այլ Արեւմտահայաստանի սահմաններէն դուրս ենք: Բարեբախտաբար կայ Պոլսոյ գաղութը, ինչպէս նաեւ ցիրուցան հայեր` այն քաղաքներուն մէջ, ուրկէ տեղահանուեցանք, եւ որոնք գիտակից են իրենց ծագումին: Անոնք կ՛ապրին դարաւոր սահմանին մէջ, մինչ մենք` չորս բոլորը, մենք` տարագրուած վերապրողներ ու նորապրողներ, զետեղած ենք մենք մեզ բազմազան քաղաքներու մէջ եւ արեան կապով ստեղծած Սփիւռք. յստակ կացութաձեւ մը` որոշիչ հասարակ յայտարարներով:
Արտասահման բառը օտարուածի, նոյնքան կենսական չըլլալու, աքսորուածի հոսանքներ ունի, մինչդեռ Սփիւռքի ծնունդը եւ տարածքը հայրենիքէն չի գար, այլ` Արեւմտահայաստանէն, ներսէ՛ն սկիզբ կ՛առնէ, զօրաւոր հոսք է: Ունի անսահման կարողականութիւն, վկայ` գիտութեան, արուեստներու, մշակոյթի տարածքներուն մէջ փայլփլացող հոյլը: Սփիւռքը ունի Նիցչէի գերմարդը իր մէջ, ունի գերհա՛յը, այդ կենարար էութիւնն է, որ պէտք է վերջապէս յայտնուի:
Կարօ Արմէնեանի եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի շեշտադրումը ա՛յս կէտին վրայ է: Ես կ՛առարկեմ նաեւ արտասահման սահմանումին:
Հայաստանը այնպէս ընդելուզուած է մեր գիտակից կամ անգիտակից կեանքին մէջ, որ մենք մեր կարիքները մէկդի դրած` նիւթական նպաստ հասցնելու անհատնում հեւքի մէջ ենք, հրաշալի՛ գործ կ՛ընենք, սակայն անհրաժեշտը` հաշուետուութիւն չենք ուզեր այն լիաբուռ օգնութեան, որ կու տանք անկախութեան առաջին օրէն, օրինակ` համահայկական հիմնադրամին:
Ամէնքս ալ գիտենք, թէ ինչպէ՛ս կը զրկուի ժողովուրդը այդպիսի նպաստի իր իրաւունքներէն:
Երկրաշարժի օրերէն մենաշնորհեալ դասակարգ մը անյագ ախորժակով ապարանքներ կը կառուցէր, «օֆշոր» (դուրսէն) մեծագումար տոլարներով եւ եուրոներով կ՛ապահովէր իր եօթը պորտը, մինչ Երեւանի մէջ մէկ օրէն միւսը` անտունիներ ու մուրացկաններ կային, անարդարութիւնը պատասխանատուութիւնը կորսնցուցած` կ՛ուռճանար, գիւղական դպրոցները անմխիթար վիճակի մէջ էին, հողէ ծուռումուռ փողոցներ, բնականոն ջրոռոգման անտեսում: Բնակիչներու կեանքը բարելաւելու բացակայութիւն: Ինչո՞ւ երկար տարիներ լուռ մնացին հանգանակութիւններու պատասխանատուները:
Քառասունչորսօրեայ պատերազմին երբ ամենայն արագութեամբ հարիւր եօթանասուն կամ աւելի միլիոն տոլար հասաւ, եւ հայրենի պետութիւնը ի՛նք ստանձնեց յատկացումները աղէտեալներուն համար, անշուշտ մաս մը յատկացուեցաւ անոնց, միաժամանակ կորզումը միշտ ներկայ էր: Հեռատեսիլէն տեսայ, թէ երիտասարդ պատգամաւոր մը խորհրդարանական ժողովին կ՛ըսէր, որ Կեդրոնական այգին պէտք ունի բարենորոգման, որուն համար անհրաժեշտ է տասը միլիոն տոլար: Իսկ մեր զաւակները իրենց օտար բարեկամներէն, գործակիցներէն անգամ խնդրեցին նուիրատուութիւն: Գաղութներ, որ հազիւ հազ կ՛ապրէին, նոյնպէս օգնեցին Հայաստանի քոյր-եղբայրներուն:
Ճամբաներու, գիւղերու, աւաններու, քաղաքներու եւ զրկուած բնակիչներու կարիքներուն հասան սփիւռքահայ կազմակերպութիւններն ու բարերարները` առանց պրպտելու, թէ որո՛նց գրպանը կը հոսին, եւ ինչո՞ւ իրենց նպատակին մասա՜մբ կը յատկացուին բազմամիլիոն գումարները, որ «հայրենասէրօրէն» կը տրամադրուէր հայրենիքի բարենորոգման: Բարեբախտաբար զգօնութիւնը ունեցան ոմանք իրե՛նց ձեռքով կամ սեփական պաշտօնեայով կատարելու իրենց ծրագիրները: Կարծեմ միայն Գըրգ Գըրգորեանը եւ Շարլ Ազնաւուրն էին, որ կասեցուցին իրենց պատահած չարաշահումը:
Սփիւռքի ղեկավարները կուրօրէն նուիրուեցան հայրենիքին` առանց պահանջելու, որ իրենք ալ ներդրում ունենան, այսինքն նկատի առնուին որպէս իրաւասո՛ւ հայ, ո՛չ թէ կթան կով:
Սփիւռքը տուժեց:
Ինչո՞ւ դրամահաւաք մըն ալ չկազմակերպուեցաւ Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը բաց պահելու: Վաճառքէն գոյացած հսկայ գումարը եթէ Սփիւռքի այլ կարիքաւոր վարժարաններու չյատկացուեցաւ, ինչի՞ գործածուեցաւ: Քաղաքական վերիվայրումները ցոյց տուին, թէ հոծ թիւով աշակերտներ կրնային ուսանիլ այդտեղ:
Մեր դպրոցներէն, մամուլէն մաս մը փակեցինք: Պիւտճէ չկար Սփիւռքին համար, որուն բնակչութիւնը աւելի էր, քան` Հայաստանինը: Սխալ չհասկցուիմ, ըսել ուզածս այն է, որ կոյր, ոչ թէ արթնամիտ հայրենասիրութիւնը այնքան մեծ դեր խաղաց, ու մանաւանդ չպահանջեց հաշուետուութիւն, որ պատասխանատու մարմինները առանց գիտակցելու աղէտին` չկարեւորեցին, ու շատ չանցած տկարացաւ Սփիւռքը` մեր զաւակներուն բնակավայրը: Մեր ապագան:
Ահաւասիկ` հրամայականը. Սփիւռքը անյապաղ պէտք է վերաքննէ ինքզինք, արժեւորէ, սահմանէ իր ինքնութիւնը: Ծրագրէ եւ լաւատեսութիւն ներարկէ իր կեանքին: Չարտասահմանուի: Չկորսնցնէ իր կորիզը, իր վերածնունդը:
Սփիւռքը ժամանակաւո՞ր է: Ահա Արցախը բռնի կը յանձնուի անոր, որ իրաւասութիւն չունի, քարիւղ ունի: Մեր հազարաւոր տարիներու կոթողները կը բնաջնջուին` ամէն անգամ մեր սրտէն քիչ մը եւս արիւն քամելով: Թուրքը հաւատաւոր շունի նման կը սպասէ իր կարգին:
Հայաստանը կը խախտի, եւ համայն հայ ազգը կու լա՜յ: Հայրենիքի յաւերժութեան հաւատաւորները կ՛ըմբոստանան ամէնուրեք: Ամէն օր` ցոյցեր, պաստառներ: Մեծը, պզտիկը, ուսանողը, թոշակառուն: Կը հաւատա՞ն, թէ՞ չեն հաւատար: Բայց կը տքնին կացութիւնը յեղաշրջելու:
Մեր ժողովուրդին գունագեղ հանդերձանքը այսօր վերածուած է սեւազգեստ սուգի:
Վերջնական կորուստին համար մենք կը սգանք: Անփոյթները տակաւի՛ն կը յղփանան:
Արցախը մահացա՜ւ: Ոճրագործները հայ են, հրամանատարներ ալ ունին, աթոռին փակած, դասալիք, ճգնաժամային պահու հեռացած բանակի պատասխանատուներ: Ո՛չ քաղաքագէտ, եւ ո՜չ բարեխիղճ:
Քառասունչորսօրեայ պատերազմէն ի վեր` անթիւ անհամար նահատակներ, Եռաբլուրը` հողին տակ նահատակ, սակայն հողին վրայ յաւերժացողներու տարածուն, սրտաճմլիկ պանթէոն է:
Իր տունն ու հունձքը վարող, իր ղեկավարներուն վստահած, իր հայրենիքին համար հոգի տուող բարի՜ ժողովուրդի մը գլխուն` մէկ օրէն միւսը կիսափուլ ընտանիքներ, հայրազուրկ որբեր, ամուսնազուրկ այրիներ, որդեկորոյս ծնողներ, հաշմանդամ երիտասարդներ ու մոռցուած ռազմագերիներ: Պատերազմ` վասն հայրենեա՞ց:
Ո՞վ էր պարագլուխը, ուրացողը, դաւադիրը, խիղճի տեղ գանձանակ ունեցողը, ինքնապաշտը, պարզապէս ինք դաւաճան չկոչուելու համար պատերազմը չդադրեցնողը, իր սեւ ակնոցներով` լոյս տարածող Շուշին հիւանդ տեսնողը, Ղազանչեցոցին` տաճկական պատանք արտօնողը, հայոց եկեղեցին հալածողը, դասագիրքերու հայկականութիւնը նուազեցնողը, տարախոհները բերման ենթարկողը, ցուցարար սգաւոր կիները հարուածողը, պատանիները խեղդել փորձողը, իրեն հակառակող մարդոց «ասֆալթին փռելու» սպառնացողը: Իր մանկլաւիկներուն պոլ-պոլ վարձատրողը, միայն թէ վնաս չհասնի հայոց բռնատէրին: Օ՜, բարձր տեղեր թառեցուցած արձակազէնները:
Սփիւռքը մեծաւ մասամբ հանդուրժեց, ձեւով մը` արտօնեց, որ շարունակուի, հակառակ որ հեռուէն տեսաւ անդառնալի պատուհասը:
Ինչո՞ւ:
Հարկաւ ունէինք մեր ծննդավայր երկիրներու մէջ մե՛ր առօրեայ հետզհետէ ահագնացող հնհնուքը: Հազիւ հազ, ծայրը ծայրին բերուող բազմաթիւ զրկանքներու հոգատարութիւնը:
Բայց այնտեղ մեր մինուճար Արցախը, մեր պաշտած Հայաստանը կը կործանէր: Միայն մէ՛կ մարդ` գոմէշի կաշիով, կրցաւ գլխիվայր դարձնել աշխարհի ամենաերկարակեաց ժողովուրդներէն մէկուն պատմութիւնը:
Այդ ազգը Հա՛յն էր՝ հուրի ու սուրի, դաւադրութեան, տեղահանութեան, եաթաղանի, անապատի, երկրաշարժի անօթութեան, բռնաբարումի, սպանութեան ամենազազրելի ձեւերու ու գերութեան եւ խենթութեան դիմադրած, յաղթանակա՛ծ ազգը:
Այլեւս ո՛չ թէ անօգուտ, այլ ամօ՛թ է միայն ափսոսանք զգալ այս անդառնալի մղձաւանջին նկատմամբ:
Սուգ է եւ մութ է հայոց երկինքը:
Կրակ չկա՞յ, մո՛մ մը վառենք:
Իրենց հայրենիքը բռնի լքողները հոգեբանական եւ նիւթական կարիքներ ունին: Սրտաբա՛ց ընդունելութեան պէտք ունին: Փոքրիկները, երբ մեծնան ու յիշեն այս օրերը, թող յիշեն նաեւ իրենց ազգակիցներու սէրն ու խնամքը:
Տառապագին ժողովուրդին, պուտ մը հողին արդարութի՛ւն ստեղծենք: