Միջազգային քաղաքական կեանքի հոլովոյթը արագացած է: Սերպիոյ կառավարութիւնը շահախնդրութեամբ բարիկամեցողութիւն ցուցաբերեց, Միջագային պատժական դատարանին յանձնելով ցեղասպանութեան յանցանքով ամբաստանեալ մը, որպէսզի իր առջեւ բացուին Եւրոմիութեան դուռները: Թուրքիա Եւրոմիութիւն մուտքի գծով յաջողութիւններ կ’արձանագրէ, որոնցմէ յատկանշականը Հռոմի քահանայապետին դրական արտայայտութիւնն է, որ տրամագծօրէն հակառակ է անոր բուռն ընդդիմութեան, երբ դեռ Ծիրանաւոր Ռացինկըր էր: Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը, իր կարգին, իր բացարձակ ընդդիմութեան կեցուածքը մեղմացուցած է: Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը Ներկայացուցիչներու տան կողմէ հաւանական կը թուի, թէեւ Թուրքիա բուռն հակաքարոզչութիւն կը կատարէ, օգտագործելով պետական լայն միջոցներ:
Ըստ երեւոյթին, Եւրոմիութիւնը ընդհանրապէս եւ անոր անդամները մասնաւորաբար կը թուի, թէ հաշտուած են Թուրքիոյ անդամակցութեան, առանց համոզուած ըլլալու: Առաջին պատճառը այս տեղատուութեան նեղ իմաստով տնտեսական է: Կը յուսան, որ ութսուն միլիոն բնակչութեամբ երկրի մը շուկան պիտի բացուի: Երկրորդ պատճառը քաղաքական է: Իսլամական աշխարհի երկիրներուն ցոյց պիտի տրուի, որ Արեւմուտքը չի հակադրուիր իրենց, որ Եւրոմիութիւնը քրիստոնէական ակումբ մը չէ, եւ այս ձեւով կը խորհին, որ կը կանխուի այն, ինչ որ սովորաբար կը ներկայացուի որպէս «քաղաքակրթութիւններու բախում», որուն անմիջական արտայայտութիւնը ահաբեկչութիւնն է, զոր չեն յաջողիր չէզոքացնել, հակառակ ամէն կարգի միջոցառումներու. զինուորական միջամտութիւններ, դրամական յատկացումներ, մասնագիտական մարզումի օժանդակութիւններ:
Անմիջականով տարուած, Արեւմուտքը կ’ուրանայ պատմութիւնը, մոռցած է իր ստորագրութիւնը եւ իր դաւանած արժէքները կը մշուշոտին, երբ իր շահերը եւ ապահովութիւնը նժարի վրայ են: Տարուած Ցեղասպանութեան ճանաչման կարգախօսով, գիտնալով հանդերձ, որ մեզ լսող չկայ, գէթ խղճի պարտք կատարելու համար, մենք եւս հիմնական յիշեցումները չենք ըներ, անժամանցելի պահանջներով հրապարակ չենք գար, Հայաստանը՝ որպէս միջազգային ընտանիքի լիիրաւ անդամ եւ Սփիւռքը՝ որպէս հայրենահանուած տարտղնուած հաւաքականութիւն, որ մշակութասպանութեան ենթակայ է, ամէն օր քիչ մը աւելի կորսնցնելով իր մշակութային ինքնութիւնը, դառնալով «ծագումով հայ», որ ծամօնի վերածուած է: Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումով պայմանաւորողներ կան, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, աջ եւ ձախ հոսանքներէ, եւ հայկական կողմը, Հայաստան եւ Սփիւռք, քաղաքական վարքագիծ դարձուցած է այդքանով բաւարարուիլ: Հայկական հարցի այս նուազուրդը պատմական սխալ է եւ պատմական չարիք, ոչ միայն մեզի, այլեւ Թուրքիոյ կողմէ իրաւազրկուած բոլոր ժողովուրդներուն համար: Ցեղասպանութիւնը սառցակոյտի երեւցող մասն է միայն, յաճախ այս բիրտ ճշմարտութիւնը կ’անտեսենք: Բռնագրաւուած Հայաստանի եւ հայոց հայրենահանման մասին ոչ ոք կը խօսի, քիւրտ ժողովուրդին դէմ ճնշումները եւ հալածանքները կը շարունակուին: Արեւմուտքը իր արժէքները դրժելու ընթացքի մէջ է, քանի որ բիրտ ուժի գործածութեամբ իրաւազրկումներու սրբագրութիւնը անգիտացման դարաններու մէջ կը դնէ:
Արեւմուտքը սովորութիւն ունի իր նախաձեռնութիւնները եւ շահախնդրութիւնները արդարացնելու, տեւաբար հոլովելով մարդկային իրաւունքը: Ինչո՞ւ կը լռեն, մենք ալ իրենց հետ, ներկայ Թուրքիոյ տարածքին, Պոլիս եւ այլ վայրեր, հայկական մնացորդացի հարցով: Հրանդ Տինք այդ մնացորդացի ձայնը ուզեց ըլլալ, ուզեց այդ մնացորդացի հարցը միջազգայնացնել, անհանդուրժելի էր եւ զինք մաքրագործեցին: Արեւմուտքը ինչո՞ւ չի հետաքրքրուիր այս մնացորդացով, յանուն մարդկային իրաւանց, յառաջացնելով միջազգային մարմին մը, ճշդելու համար այդ մնացորդացի կացութիւնը, համրանք, ինքնութիւն, մշակութային ազատութիւն, խղճի ազատութիւն՝ հնարաւորութիւն ընծայելով սա կամ նա ձեւով կրօնափոխ եղածներուն, որ եթէ ուզեն, վերագտնեն իրենց արմատները: Պատահա՞ծ է, որ հայերը այս պահանջով ներկայանան: Երբ Ցեղասպանութեան մասին կը խօսուի, անհրաժեշտ է բանալ ամբողջական թղթածրարը, այդ ճիգը գէթ հայկական կողմը ինք պէտք է ընէ, առանց հետեւելու վնասակար գործնապաշտութեան գիծին, որ եթէ շատ բան պահանջենք, քիչն անգամ չենք ունենար: Քննե՞նք, թէ ինչ բան է այդ քիչը եւ ինչ բանի պիտի ծառայէ այդ քիչը…
Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայկական մնացորդացը ազգի մաս է, այդքան ալ մնացորդ չէ, լուռ մնացող, պատշաճած եւ դատապարտուած: Յաճախ պէտք է յիշել Շնորհք պատրիարքի քաջ դրսեւորումը, ըստ որուն, այն ատեն, Թուրքիոյ մէջ կային աւելի քան մէկ միլիոն հայեր: Մկրտիչ Մարկոսեան, այդ մնացորդացէն փրկուած գրողը, գրականացուց այդ մնացորդացի պատկերները: Սակայն այս երկու դէմքերու ազգային-քաղաքական միտքի ժառանգութիւնը չէ մտած հայոց քաղաքական ճառին մէջ, չի ներշնչեր քաղաքական վարքագիծը, քանի որ ընդունելի ըլլալու համար որդեգրուած է նուազուրդի ընթացքը, որ վերջին հաշուով, բարոյական մխիթարութեան ճամբաներուն վրայ կը խարխափէ եւ տեղ չի հասցներ:
Արեւմուտքը Թուրքիան ընդունելով Եւրոմիութեան մէջ, պիտի յաւերժացնէ բիրտ ուժով բռնագրաւուած հայրենիք մը: Անելի եւ վերջնական անհետացման պիտի դատապարտէ հայոց աւելի քան մէկ միլիոն մնացորդացը: Այս ձեռքբերումներէն ետք պէտք չէ զարմանալ, որ պատեհապաշտ Թուրքիան յանկարծ յայտարարէ, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն, բայց այդ արդէն հին պատմութիւն է, մին է գործուած նման սխալներէն: Արդէն երբեմն կը յիշեցնէ, որ Ամերիկան ընկերութիւնը ստեղծուած է բնիկներու ցեղասպանութեան վրայ: Այս կրնայ ընել, անակնկալի բերելով հայերը, որոնք զինաթափ կ’ըլլան, եւ Արեւմուտքը, որ պիտի ըսէ, թէ յաջողեցաւ պարտադրել իր պահանջի բաւարարումը, պիւռոսեան յաղթանակ մը…: Բայց ո՞վ վճարած պիտի ըլլայ այս բոլորի գինը:
Եթէ այսօր չխօսուի Հայկական հարցի մասին որպէս ամբողջութիւն, վաղը ուշ կ’ըլլայ, եթէ այսօր լսող կէս խուլեր կան, անոնք ալ չեն մնար: