«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ իշխանական պատգամաւորներ իրաւապահ մարմինները կը յորդորեն խստացնել թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարը` առաջարկելով նոյնիսկ դպրոցներուն մէջ, նաեւ տուներու անչափահասները ստուգել յատուկ քննութեան միջոցով:
Նախ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահագն Ալեքսանեան ներքին գործոց նախարարին առաջարկեց, որ ոստիկանութիւնը այս հարցով աշխատի անչափահասներու ծնողներուն հետ:
«Թող ծնողները գնեն էդ թեստերը ու իրենց երեխաներին ամիսը մէկ անգամ, երկու ամիսը մէկ անգամ, յատկապէս տղայ երեխաներին, էդ թեստերով փորձեն ստուգեն հասկանան` արդեօք ամէն ինչ կարգի՞ն է անչափահասի կեանքում, թէ՞` չէ: Որովհետեւ ինչքան էլ մենք ասենք` ոստիկանութիւնը պիտի բռնի, պիտի բռնի, բայց եթէ մենք անչափահասների շրջանում արդէն տարածում ունենք, ոստիկանութիւնը էդտեղ շատ մեծ դեր չի կարողանալու խաղալ: Ծնողական վերահսկողութիւնը հէնց առաջնային պէտք է լինի», ըսաւ ան։
Առաջարկ եղաւ նաեւ, որ իրաւապահները դպրոցներուն մէջ տարին մէկ-երկու անգամ անչափահասներուն մօտ քննութեամբ ստուգեն թմրեցուցիչի գործածութեան պարագաները։
Ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեան ողջունեց պատգամաւորներուն բոլոր առաջարկները՝ նշելով, թէ ինք ալ թեր է, որ դարձեալ քրէականացուի թմրանիւթերու օգտագործումը, որուն համար օգտագործողը այժմ միայն վարչական պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուին՝ դիտել տալով, որ այդպիսով կարելի է հակակշիռի տակ պահել կացութիւնը։
Իսկ Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան աւելի հեռուն երթալով՝ շեշտեց, որ պէտք է անակնկալ կերպով ստուգուին նաեւ իրաւապահ եւ ուժային մարմիններու աշխատակիցները: «Մի հատ տեսնենք` մեր բռնողների շարքերում կամ ծառայողների շարքերո՞ւմ ինչ վիճակ է: Որովհետեւ զօրակոչի ընթացքում մենք էդպիսի բան արձանագրեցինք, որ դա արդէն շատ, մեզ մտահոգիչ էր», ըսաւ ան։ Ասոր իբրեւ պատասխան՝ ներքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ արդէն եղած են դէպքեր, երբ յայտնաբերուած են թմրեցուցիչի գործածութեան պարագաներ։
Այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն, Հայաստանի մէջ մեծապէս աւելցած են թմրեցուցիչի ապօրինի շրջանառութեան դէպքերը` առաւել քան 2 հազարով:
Սակայն, յստակ չէ, թէ օրէնսդիրները ի՛նչ ձեւերով պիտի փորձեն կանխել թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան օրէօր աճող թիւերը։
«Կախուածութիւնների բուժման ազգային կենտրոն»ի ղեկավար Սուրէն Նազինեան կը նշէ, որ առաջնահերթ դպրոցներու բարձր դասարաններու աշակերտներուն պէտք է պարզ եւ մատչելի կերպով բացատրել թմրամիջոցներու վտանգները՝ շեշտելով, թէ անոնք որքան կործանարար են։ Նազինեան դիտել կու տայ, որ յատկապէս հոգեխթանիչ թմրանիւթները, մասնաւորապէս` մեթամֆեթամինները, տարածուած են դեռահասներուն եւ երիտասարդներուն մէջ։
«Ինչ վերաբերում է թեստաւորմանը դպրոցներում, ինքը, ի հարկէ, որոշակի կանխարգելիչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ, բայց մէկ է, էլի ամենակարեւորը գիտելիքներն են, այսինքն` թմրամիջոցների կործանարար յատկութիւնների վերաբերեալ հիմնաւոր գիտելիքները, որ, օրինակ, թմրամիջոցի անգամ մէկանգամեայ գործածումը կարող է, օրինակ, մահուան ելքով աւարտուի գերդոզաւորմամբ (դեղաչափը գերազանցող), կամ որ ներկայումս տարածուած թմրամիջոցների գործածման դէպքում` մէկ, երկու, երեք գործածման դէպքում կարող է առաջանալ ծանր կախուածութեան համախտանիշ երիտասարդի մօտ, անդառնալի փոփոխութիւններ հոգէախտաբանական բնոյթի եւ այլն: Այսինքն, այս կարգի գիտելիքներ է պէտք տրամադրել դեռահասներին, որ իրենք ուղղակի չփորձեն ընդհանրապէս», «Ազատութեան» հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին ըսաւ Նազինեան:
Այս տարուան 1 Յունուարի դրութեամբ՝ Հայաստանի մէջ հաշուըւած են թմրեցուցիչ գործածող 7 հազար 854 անձեր, որոնց 570ը այս պահուն կը բուժուին «Կախուածութիւնների բուժման ազգային կենտրոն»ին մէջ:
Կեդրոնի ղեկավարը կ՛արձանագրէ, որ այս տարի առաջին անգամ իրենց կեդրոնը դիմած են 16 տարեկան երկու աղջիկներ։ Նազինեան ըսաւ, որ այսպիսի բան իրենց կեդրոնի պատմութեան ընթացքին տակաւին չէր եղած։
«Ի դէպ, պետական տարբեր գերատեսչութիւնների` այդ թւում Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ոստիկանութեան մասնակցութեամբ շարունակւում է թմրամոլութեան եւ թմրամիջոցների ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի նոր ազգային ռազմավարութեան մշակումը: Յստակ չէ, սակայն, թէ այն երբ պատրաստ կը լինի ու կիրառութեան մէջ կը մտնի», կը գրէ «Ազատութեան» լրագրողը։