«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Պաքու դարձեալ կը խօսի «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի՝ ներկայիս Հայաստանի տարածքը վերադառնալու մասին եւ նոր քայլեր կ՛առնէ այդ ուղղութեամբ:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ 31 Հոկտեմբերէն սկսեալ, «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մէջ ծնած անձը հաստատող փաստաթուղթին մէջ պաշտօնապէս պիտի նշուի անոնց ծննդավայրի «պատմական տեղանունը»: Փոփոխութեան մասին յայտարարուեցաւ խորհրդարանին մէջ, ուր 31 Հոկտեմբերին յատուկ լսումներ կատարուեցան «Արեւմտեան Ատրպէյճանի տեղանունները. պատմութեան խեղաթիւրումէն մինչեւ արդարութեան վերականգնում» խորագիրով:
«Մենք կը վերադառնանք, այընտրանք չկայ», յայտարարեց «Արեւմտեան Ատրպէյճան համայնք»ի վարչութեան նախագահ, պատգամաւոր Ազիզ Ալեքպերլի, ըստ որուն, համայնքը նաեւ պատրաստած է իր պատմական հայրենիքի ելեկտրոնային քարտէսը, ուր նշուած են թրքական ծագում ունեցող հնամենի տեղանունները:
Քննարկման այլ մասնակցող մը` Ատրպէյճանի գիտութիւններու ակադեմիոյ նախագահ, ակադեմիկոս Իսա Ղապիպէյլի իր կարգին խօսեցաւ առաւել քան 400 գիւղերու մասին՝ պնդելով, որ հայերը ոչ միայն փոխած են «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի մէջ գտնուող 449 գիւղերու անունները, այլ նաեւ ի սպառ զանոնք ջնջած եւ պատմութենէն: Յայտարարուեցաւ, որ հիմա Աշխարհագրութեան հիմնարկը «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի տեղանուններու ելեկտրոնային շտեմարան մը կը կազմէ:
Յայտնենք, որ այս մէկը շաբաթուան ընթացքին արդէն երկրորդ միջոցառումն էր «Արեւմտեան Ատրպէյճան» նիւթով: Օրեր առաջ, նոյն հարցին նուիրուած խորհրդաժողով մը տեղի ունեցաւ Պոլսոյ մէջ` Ատրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ «Ալթինպաշ» համալսարանին նախաձեռնութեամբ:
Պատմական արդարութիւնը վերականգնելու, ինչպէս իրենք կ՛ըսեն` «Արեւմտեան Ատրպէյճան» Սիւնիք ու Երեւան վերադառնալու մասին նախագահ Ալիեւ հրապարակաւ խօսեցաւ նախորդ տարուան 24 Դեկտեմբերին` իր տարեդարձին օրը: Ան յայտնեց, որ նախորդ տարիներուն, սովորութիւն ունէր այդ օրը անցընել Ղարաբաղէն եւ շրջակայ տարածքներէն տեղահանուածներուն հետ՝ խոստանալով, որ անոնք քանի մը օրէն ծննդավայր կը վերադառնան: «Հիմա նոյնը ձեզի կ՛ըսեմ», ըսաւ ան՝ դիմելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի ներկայացուցիչներուն:
«20րդ դարու սկիզբը թուագրուած քարտէսները ցոյց կու տան, որ Արեւմտեան Ատրպէյճանը Ատրպէյճանի պատմական հողն է, քաղաքներուն եւ գիւղերուն անունները ատրպէյճանական ծագում ունին, եւ մենք լաւ գիտենք, որ ատրպէյճանցի ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին ապրած է այսօրուան Հայաստանի տարածքին մէջ: Կը նախատեսեմ, որ Հայաստանի մէջ դարձեալ աղմուկ պիտի բարձրանայ, թէ Ատրպէյճան կը պատրաստուի յարձակիլ եւ այլն: Ո՛չ: Մենք կ՛ուզենք այդ մէկը ընել խաղաղ ճամբով: Մենք կ՛ուզենք ապահովել մեր իրաւունքները խաղաղ միջոցներով եւ միջազգային համաձայնագիրներով», ըսաւ Ալիեւ:
Ալիեւի այս ելոյթէն ետք, արդէն շուրջ մէկ տարի, գրեթէ ամէն շաբաթ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները այս նիւթով հաղորդումներ եւ հարցազրոյցներ կը հրապարակեն։
Զուգահեռաբար, 30 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի Ճարտարապետութեան եւ շինարարութեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հին Երեւան. Իւրաքանչիւր Քար Յուշարձան Է» վաւերագրական ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որուն նպատակը, ըստ կազմակերպիչներուն, երիտասարդներուն տեղեկութիւններ հաղորդել է Երեւանի` «հին ատրպէյճանական քաղաք ըլլալուն մասին»։
Անցած շաբաթ, Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին, Եւրոպայի խորհուրդի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյատովիչ, ի թիւս այլ պաշտօնեաներու, հանդիպեցաւ նաեւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան համայնք»ի ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան մը, պնդեցին, որ պատրաստ են երկխօսութեան մէջ մտնել Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ` «իրենց վերադարձի հարցը խաղաղ եւ արդարացի կերպով լուծելու համար»:
Ատրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւոր, քաղաքագէտ Ռասիմ Մուսապեքով 30 Հոկտեմբերին նշեց, թէ այդ հարցը կրնայ արտացոլալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յառաջիկային ստորագրուելիք խաղաղութեան համաձայնագիրին մէջ:
Պաշտօնական Երեւան, մինչդեռ, մտացածին կ՛որակէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» անուանումը եւ տարածքային պահանջներ կը տեսնէ Պաքուէն հնչող այս յայտարարութիւններուն տակ:
«Ադրբեջանի տարածքային ակնկալիքներն ու յանցաւոր գործողութիւնները պէտք է զսպել պատժամիջոցների կիրառմամբ», 31 Հոկտեմբերին ըսաւ իշխող ուժի պատգամաւոր Ռուստամ Բաքոյեան` Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին: