Սեպտեմբեր 2, 2007ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, Զուիցերիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ազգային բարերար եւ հայ գրականութեան գանձարանը հարստացնող բազմաթիւ արժէքաւոր հատորներու մեկենաս 86ամեայ Յարութիւն Սիմոնեան:
Հայրենիքին ու հայ գիրքին հանդէպ պաշտամունք ունեցող Սիմոնեան այժմ կ’անմահանայ շնորհիւ իր մեկենասութեամբ լոյս ընծայած աւելի քան 50 հատորներուն, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ իր կատարած նուիրատուութիւններուն: Սփիւռքահայ ու հայրենի մամուլը բազմաթիւ առիթներով գրեց Յարութիւն Սիմոնեանի մասին:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի «Գիտութիւն» հրատարակչութեան վերջին տարիներուն լոյս ընծայած գիրքերուն վրայ յաճախ կարելի է կարդալ.
«Տպագրւում է ամերիկահայ մեկենաս, հայ մշակոյթի երախտաւոր Յարութիւն Սիմոնեանի հովանաւորութեամբ»:
Յարութիւն Սիմոնեան յաջողած էր կեանքի ասպարէզին մէջ, իբրեւ Զուցերիոյ մէջ իր սեփական Vialux ժամացոյցին գործարանատէրը: Սակայն ան հոգիով ու արմատներով նաեւ մտաւորական էր, հայ գիրքի, դպրութեան եւ գրականութեան բացառիկ նուիրեալ մը: Այդ սէրն ու նուիրուածութիւնը մասամբ կու գար իր ընտանիքէն: Իր եղաբայրը սփիւռքահայ ականաւոր հրատարակիչ, գրող եւ քննադատ Սիմոն Սիմոնեանն էր:
Սիմոնեանի արմատները կու գային Սասունէն: «Ես սասունցի եմ եւ սասունցիութեան տուրք տուող եմ», ըսած էր ան հարցազրոյցի մը ընթացքին, երբ 200,000 ամերիկեան տոլար նուիրատուութեամբ մը հովանաւորած էր սասունցիներով բնակուած Թալինի Ոսկեթաս գիւղին մէջ դպրոցի մը կառուցման ծրագիրը:
Հայ մշակոյթով ու գրականութեամբ իր կեանքը իմաստաւորած Յարութիւն Սիմոնեանի համար նշանակալի էին յատկապէս սասունցիներուն մասին գրուած արուեստի գործերը, մեր գրականութեան կոթողային գեղեցկութիւնները: «Սասունցիները դիւցազնավէպ տուած են», կ’ըսէր հպարտանալով իր նախնիներուն, քաջարի ֆետայիներուն ըմբոստ ու հայրենասէր ոգիով: Լեռնային ժողովուրդի մը յատուկ նկարագրի գիծ մը կար Յարութիւնին մէջ, որ զինք կը մղէր օգտակար հանդիսանալու իր հայրենակիցներուն, Ոսկեթաս գիւղին մէջ դպրոց եւ Աշնակ գիւղին մէջ մշակոյթի տուն հիմնելով եւ դրամական օժանդակութիւն ցուցաբերելով Թալինի շրջանի զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն: Ան ստանձնեց նաեւ Դսեղի կիսաքանդ եկեղեցիին վերականգնումը եւ Խնկօ Ապօր գրադարանի տանիքի վերանորոգութիւնը, որուն միջոցով կարելի եղաւ ոչնչացումէ փրկել կէս միլիոն կտոր գրականութիւն: Իր միջոցներով տպագրուած հատորներէն շատեր նուիրուած են իր սասունցի նախնիներուն: Նաեւ, հովանաւորած է սրահներու վերանորոգումը Երեւանի պետական համալսարանին եւ զինուորական հիւանդանոցին մէջ, ինչպէս նաեւ դասարանի մը հովանաւորումը Երեւանի «Վահան Թէքէեան» վարժարանին մէջ:
Նախնիներու ոգիի կանչն էր սասունցի ականաւոր բարերարին մղիչ ուժը: Առիթով մը ան կ’ըսէր. «Սասունցիներու հանդէպ իմ պարտքս լիուլի կատարած եմ: Չարդի ենթարկուածներուն յիշատակին համար ես իմ վրէժս զէնքով չէի կրնար լուծել, պարագաները չէին ներեր, բայց ահա վրէժս լուծեցի հայրենի հողի վրայ երկու դպրոցի վերանորոգումով, ուր մեր ազգի զաւակները պէտք է ուսանին ու մեծնան, հողին ուժով, մեր պետութեան ուժով, Սասունցի Դաւթի ուժով եւ ծառայեն ոչ թէ օտարին, այլ սեփական երկրին: Սասունցին կը ծնի ֆետայի, ոչ թէ կը դառնայ, այդ է պատճառը, որ հոս բացի դպրոցներ, որ հողը կանգուն մնայ: Գիրք ու դպրոց՝ այսինքն մշակոյթ, զէնքի ու փամփուշտի փոխարէն այսուհետեւ…:»
Սասունցի Յովհաննէսի (Օվէ) եւ Այնթապցի Մանուշի (Ժիրաքօ) որդի Յարութիւնը ծնած էր Այնթապ, 1921ին: Հայրը մասնակցած է Այնթապի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն, իսկ հօրեղբայրները եղած են Անդրանիկ եւ Սերոբ փաշայի զինուորներէն: Յարութիւնին հոգիին մէջ քանդակուած է քաջարի իր հօր պատկերը, որ առանձին, 40 օրեր քալելով Սասունէն Այնթապ եկած, հոն հաստատուած ու ամուսնանալով ընտանիք կազմած է, ունենալով երեք զաւակներ, որոնցմէ մին՝ հանրայայտ գրող ու հրապարակագիր Սիմոն Սիմոնեանն էր:
1921ին ընտանեօք կը փոխադրուին Հալէպ, ուր Յարութիւն, Կրթասիրաց վարժարանը աւարտելէ ետք, ուսումը կը շարունակէ Mission Laique Lycee Francais-ի մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ կ’ելլէ 1941ին եւ պաշտօնի կը կոչուի Հալէպի երկաթուղիի կայարանին մէջ:
Յարութիւն Սիմոնեան երիտասարդ տարիքէն կը մասնակցի ազգային կեանքին: 1945ին Հալէպի մէջ հիմնուած Հայրենաբաղձ հայերու միութեան կ’անդամակցի: 1948-1950 բեղուն գործունէութիւն կ’ունենայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հալէպի մշակութային մարմնին մէջ:
1950ին Սիմոնեանները կը հաստատուին Լիբանան, ուր Յարութիւն կը զբաղի ժամացոյցի գործով՝ մեծ յաջողութիւն գտնելով: Զուիցերիական ժամացոյցի ընկերութիւններու առաջին ներկայացուցիչը կը դառնայ Միջին Արեւելքի մէջ:
1957ին կ’ամուսնանայ Պէաթրիս Ապաճեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երեք զաւակներով՝ Սեդա, Թալին եւ Յովան, որոնք Պէյրութի մէջ նախնական ուսում ստանալէ ետք, իրենց համալսարանական ուսումը կը շարունակեն Զուիցերիոյ մէջ:
1960էն սկսեալ Յարութիւն իր գործը կը շարունակէ Զուիցերիոյ մէջ, ուր ժամացոյցի մեծ գործարան կ’ունենայ եւ 1976ին ընտանեօք հոն կը փոխադրուին: Զուիցերիոյ մէջ Սիմոնեան, իբրեւ գործարար մեծ համբաւ կը վայելէ: Երբ Միջին Արեւելքէն կառավարական բարձրաստիճան պատուիրակութիւններ Զուիցերիա կու գան, իբրեւ առեւտրական երեւելի անձնաւորութիւն Զուիցերիոյ կառավարութիւնը զինք կը հրաւիրէ անոնց հետ հանդիպելու: Այս առիթ եղած է, որ Սիմոնեան ծանօթանայ ղեկավար դէմքերու:
1985ին Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըսի շրջանը կը հաստատուի, ուր կը շարունակէ իր ազգանուէր գործը, միշտ օժանդակելով հայ գիրի ու մշակոյթի երախտաւորներուն: Նաեւ կ’ըլլայ հիմնադիր անդամներէն Վաչէ Պարսումեանի գլխաւորած «Լարք» երաժշտանոցին:
1956էն սկսեալ բազմաթիւ առիթներով այցելած է Հայաստան, գացած է Թալին, գտած Սասունէն ճողոպրած եւ հոն բնակութիւն հաստատած իր հարազատները, ներկայ գտնուած է Սասնոյ ապստամբութեան 100ամեակի տօնակատարութեան: Բայց հայրենիք իր այցը բազմապատկած է վերջին 15ամեակին, յատկապէս թափ տալով նաեւ հրատարակութիւններու մեկենասութիւնը ստանձնելու իր նուիրական աշխատանքին:
Յիշենք, թէ 1976ին, Պէյրութի մէջ, իր հօր՝ Օվէի յիշատակին, Սասունցիներու ակումբին մէջ ստանձնած է սրահի մը կառուցման հովանաւորութիւնը:
Պէյրութէն սկսեալ, Յարութիւն սիրած է հաւաքել արուեստի գործեր՝ գորգեր, գեղանկարչական պաստառներ եւ սպառած գիրքեր: Էնսինոյի բարձունքին ծուարած իր բնակարանի հարուստ գրադարանը լեցուն է արժէքաւոր գիրքերով: Յարութիւն Սիմոնեան իր բնակարանը դարձուցած էր մտաւորականներու, կրթական մշակներու, արուեստագէտներու ժամադրավայրը, հոն մեծարելով հայ գրողներ ու արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ մշակութային հանդիպումներ կազմակերպելով:
Յարութիւն Սիմոնեանի կեանքին առանցքը դարձան իր մեկենասութեամբ հրատարակուած 50 արժէքաւոր հատորները, որոնց ընտրութեան մէջ ունէր որոշակի նախասիրութիւններ, երեք ուղղութիւններով՝ Երուանդ Օտեանի գործերն ու մեծ երգիծաբանին նուիրուած ուսումնասիրութիւններ, Յովհաննէս Թումանեանի երկերը եւ ուսումնասիրութիւններ Թումանեանի մասին, գործեր, որոնք կապուած են հայ ժողովուրդի հերոսական էպոսին՝ «Սասունցի Դաւիթի» հետ:
Այս սեղմ տողերուն մէջ չենք կրնար յիշատակել անունները այն բոլոր հատորներուն, որոնք իր մեկենասութեամբ լոյս տեսած են: Յիշենք միայն անոնցմէ կարեւորագոյնները, որոնք հրատարակուած են 1974-2001.- Լ. Չորմիսեան՝ «Համապատկեր արեւմտահայոց մէկ դարու պատմութեան», Խ. Թիւթիւնճեան՝ «Անմահներուն հետ», Ա. Մահարի՝ «Իմ ոդիսականը», Գ. Սեւան՝ «Սփիւռքահայ գրականութեան ուրուագծեր», Ե. Օտեան՝ «Հայ տիասբորան», «Նամակներ», «Թիւ 17 խաֆիէն» (երեք հատոր), Յ. Թումանեան՝ «Ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակումներ», «Հայ ազգագրութիւն եւ բանահիւսութիւն», երեք հատոր՝ 19-20-21, «Թալին», «Լոռի», «Տաւուշ», Զապէլ եւ Հրանդ Ասատուրներ՝ «Սիրային նամակներ», Ա. Իսահակեան՝ «Թեւաւոր մտքեր»:
Հայագիտութեան ոլորտին ցուցաբերած իր բացառիկ ծառայութիւններուն համար, ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ֆատէյ Սարգսեան Յարութիւն Սիմոնեանը արժանացուց Ակադեմիայի բարձրագոյն պարգեւին՝ Վաստակագրին: Հայ մշակոյթի եւ գիտութեան բնագաւառներու զարգացման մատուցած ծառայութիւններուն համար, ՀՀ նախագահի հրամանագրով Յարութիւն Սիմոնեան արժանացաւ Մովսէս Խորենացիի անուան շքանշանին:
Նկարագրով երախտապարտ անձ մըն էր Յարութիւն, որ իր կեանքին մէջ յաջողելէ ետք, համեստ մնաց իբրեւ մարդ, ազգանուէր եղաւ իբրեւ հայ եւ չկորսնցուց կարօտեալին ծառայելու իր վեհ գիտակցութիւնը: Ինքնավստահ ու իր խօսքին տէրը եղող Սիմոնեան միջակութիւններ չէր հանդուրժեր:
2000ին Լոս Անճելըսի մէջ սրտի տագնապի վիրահատման ընթացքին կաթուածահար եղաւ, բայց ապաքինելով շարունակեց իր հայրենանուէր գործը: 2003ին, իր որդւոյն՝ Յովանին հետ դարձեալ Հայաստան այցելեց: Իր առողջական վիճակը վատթարացաւ 2006էն ի վեր եւ անկողնին ծառայեց: Վերջերս Զուիցերիա փոխադրուեցաւ, ուր նաեւ կնքեց իր մահկանացուն, Սեպտեմբեր 2, 2007ին:
Երջանիկ էր ան, որովհետեւ իր կեանքի վերջին օրերուն վայելեց որդիական գուրգուրանքը իր երեք զաւակներուն՝ Սեդային, Յովանին եւ Թալինին ու անոր ամուսնոյն՝ Վարդան Թէլեանին, որոնք ամէն ջանք թափեցին անոր երազները իրականացնելու ազգանուէր գործին մէջ: Յատկապէս գիրի եւ գրականութեան հանդէպ Յարութիւն Սիմոնեանի սէրը վարակեց նաեւ իր որդին՝ Յովանը, որ հեղինակեց երկու հատոր: Առաջինը՝ Troubled Waters: The Geopolitics of the Caspian Region, Հրայր Տէքմէճեանի համահեղինակութեամբ, իսկ երկրորդը՝ The Hemshin: History, Society and Identity in the Highlands of Northeast Turkey:
Հանգուցեալին փափաքին համաձայն, անոր մարմինը Զուիցերիայէն Լոս Անճելըս պիտի տեղափոխուի: Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, Սեպտեմբեր 15, 2007ին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30ին, Վէն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցիին մէջ (17231 Sherman Way), իսկ թաղման արարողութիւնը՝ Ֆորէսթ Լոն Հոլիվուտ Հիլզի մէջ: