Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած «Թրքական պետութիւններու 10րդ գագաթնաժողով»ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 19 Սեպտեմբերին Արցախի վրայ կատարուած յարձակումին իր տարբերակը ներկայացուց՝ նշելով, որ այդ օրը «հայկական ապօրինի զինուած կազմաւորումներու կողմէ Ատրպէյճանի ազատագրուած տարածքներուն մէջ դիտաւորեալ տեղադրուած ականներու պայթումէն մահացան 6 խաղաղ բնակիչներ եւ ոստիկաններ»։
«Անկէ ետք Ատրպէյճան իր սահմանադրական կարգը վերականգնելու եւ ապօրինի զինուած խմբաւորումները չէզոքացնելու նպատակով կատարեց տեղական հակաահաբեկչական գործողութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք 23 ժամուան ընթացքին Ատրպէյճան բոլորովին վերականգնեց իր ինքնիշխանութիւնը եւ սահմանադրական կարգը։ Հակաահաբեկչական քայլերուն պատճառով խաղաղ բնակչութեան կամ քաղաքացիական ենթակառուցուածքին վնաս չհասաւ: Ատրպէյճան գործեց միջազգային մարդասիրական իրաւունքին համապատասխան», պնդեց Ալիեւ։
Ըստ անոր՝ այդ «փաստերը» հաստատուեցան ՄԱԿի դիտորդներուն կողմէ, որոնք երկու անգամ այցելեցին տարածաշրջանը:
Ալիեւ նաեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճան կ՛իրականացնէ «Մեծ վերադարձ» ծրագիրը: «Նախկին ներքին տեղահանուածները` այս հողերուն իսկական տէրերը, արդէն վերադարձան Լաչին եւ Ֆիզուլի քաղաքները, ինչպէս նաեւ երեք գիւղեր: Մինչեւ 2026ի աւարտը կը նախատեսուի առաւել քան 140 հազար անձեր վերադարձնել Ղարաբաղ եւ Արեւելեան Զանգեզուր», յայտարարեց ան:
Յայտնենք, որ վեհաժողովին մասնակցողները տարբեր ձեւակերպումներով իրենց ուղերձներուն մէջ շնորհաւորեցին Ալիեւը՝ «Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը վերականգնելուն համար»: