ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Թուսիտիտէսը նախնադարեան՝ հին յունական շրջանի, յոյն պատմաբան է եւ հեղինակը Փելոփոնեսեան պատերազմի պատմութեան: Աթէնքի եւ Սպարտայի միջեւ ծայր առած պատերազմին նկարագրութեան մէջ, ան կը խօսի, պատճառներուն եւ հետեւանքներուն մասին ու մասնաւորաբար վեր կը հանէ այն տեսութիւնը, թէ՝ երբ դրացի երկիրներէն մէկը կը հզօրանայ եւ տեսականօրէն կը սպառնայ միւսին ապահովութեան՝ վախը, արժանապատւութիւնը եւ պետական շահը կը ստեղծեն երկարատեւ պատերազմի մը կայծը, որուն փորած թակարդէն (Thucydides Trap) դուրս գալը երկար ժամանակ եւ ճիգ կը պահանջէ: Այդպէս էր, որ Աթէնքի հզօրացումը վախցուցած էր Սպարտային, եւ պատճառ դարձած էր երկուքին միջեւ ծանօթ երկարատեւ պատերազմին:
Նոյնն է պարագան այս օրերուն ռուս-ուքրանական պատերազմին, որ վերածուեցաւ երկարաժամկէտ մաշումի պատերազմի մը, որ կրնայ տարածուիլ աւելի հեռուները:
Ռուսիա, ըստ էութեան, անցեալին հետ համեմատած՝ թուլացած երկիր է: Սակայն Փութինի իշխանութեան գալով, հետզհետէ սկսած էր վերականգնել իր ռազմական հզօրութիւնը, որ Արեւմուտքի համար բնականաբար մտահոգիչ էր: Միւս կողմէ, Ուքրանիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ինքնիշխան իրաւունքը Ռուսիոյ համար իր ապահովութեան սպառնալիք պիտի նկատուէր: Այդ հանգամանքը պատճառ եղաւ Ռուսիոյ շղթայազերծած ծանօթ գործողութեան:
Ճիշդ է որ Արեւմուտքը կը շարունակէ օժանդակել Ուքրանիոյ անհրաժեշտ սպառազինութեամբ, սակայն Ռուսիա տակաւին հակառակորդին համեմատ կը մնայ աւելի ուժեղ, որովհետեւ պատերազմներու ելքը, հակառակ բոլոր արհեստագիտական նորարարութիւններուն՝ կը վճռեն թէ՛ ժողովրդագրական եւ թէ հրետանային հզօրութիւնը: Ռուսիա ունենալով 140 միլիոն բնակչութիւն, մօտաւորապէս չորս անգամ աւելի մարդաշատ է, քան Ուքրանիան՝ 43 միլիոն, որմէ պատերազմին պատճառով վեց-եօթը միլիոնը հեռացած եւ սփռուած է ամբողջ Եւրոպայի տարածքին: Հրետանային ուժը, որ շատ կարեւոր է մարտադաշտին վրայ բեկում մտցնելու համար, դարձեալ Ռուսիոյ օգտին է, գրեթէ նոյն համեմատութեամբ, որովհետեւ իր ռազմարդիւնաբերական գործարանները անդադար կը վերարտադրեն զանոնք, մինչ հակառակորդը պէտք է զանոնք սպասէ Արեւմուտքէն:
Աւելցնենք, որ այս առաւելութեան վրայ կ՛աւելնայ այն հանգամանքը, որ Ռուսիա իր 300,000ի հասնող զօրակոչայիններուն վրայ աւելցուցած է յաւելեալ 400 հազար, իսկ պատերազմին պատճառած ենթակառոյցի աւերը կը կատարուի բացառապէս ուքրանական հողին վրայ:
Տեսականօրէն, թերեւս երկու շաբաթ առաջ բռնկած Իսրայէլ-Կազա պատերազմը անմիջական կապ կրնայ ունենայ նոյն ռուս-ուքրանական պատերազմին հետ, նպատակ ունենալով երկրորդին վրայէն Արեւմտեան ճնշումին թեթեւացումը եւ Ուքրանիոյ տրամադրուող ռազմական աջակցութեան նուազեցումը: Այսօր այս զոյգ պատերազմները փաստօրէն կը սպառնան մոլորակի ապահովութեան եւ աշխարհակարգի փոփոխութեան, որ պաղ պատերազմի աւարտէն ետք խաղաղութեան ժամանակաշրջան մը պարգեւած էր մարդկութեան:
Պաղեստինեան նորագոյն պատերազմին բռնկումով, աշխարհի երկրորդ կիզակէտը համարուող Միջին Արեւելեան եւ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանը նոյնպէս ընդարձակուելու եւ նոր երկիրներ ներգրաւելու սպառնալիքին տակ է: Ամերիկայի համար յաւելեալ բեռ է այս պատերազմը եւ կրնան տուժել ռուսական ճակատին նկատմամբ յանձն առած անոր պարտաւորութիւնները:
Արաբական երկիրներու վարչակարգերը, մասնաւորաբար Եգիպտոսը, հակառակ անոր որ շահագրգռուած չեն այս պատերազմին միջամտելով, հաւանաբար ակամայ ստիպուին ներգրաւուիլ անոր մէջ՝ ենթարկուելով արաբ ժողովուրդի եւ իսլամական աշխարհի ճնշումներուն: Եգիպտոսի վրայ կայ անուղղակի առաւելագոյն ճնշումը, որպէսզի Ռաֆահի անցակէտը բանալով՝ թոյլ տայ Կազայի տարածքէն գաղթականներու արտահոսքը իր երկրէն ներս, որ փաստացի Կազան պարպելու՝ Իսրայէլեան նպատակներուն պիտի ծառայէ:
Արաբներուն՝ այս պատերազմին ակամայ ներգրաւուելու պարագային, Ծոցի շրջանը կը դառնայ խոցելի, իսկ համաշխարհային շուկային վրայ քարիւղի սակերու մագլցում մը շատ հաւանական է, եւ այդ աւելիով պիտի վատթարացնէ քարիւղի եւ կազի ճգնաժամը, որ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ բացասական մեծ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ:
Միւս կողմէ, պատերազմին առանց ոչ մէկ կողմի որոշիչ յաղթանակին՝ պարտութիւն է Իսրայէլի համար, թէ՛ անոր անպարտելիութեան վարկին եւ թէ ժողովրդագրական առումով: Իրողութիւն է այն, որ Իսրայէլի տասը միլիոն բնակչութեան երկու միլիոնը պաղեստինցիներ են, իսկ եթէ անոնց վրայ աւելցնենք Կազայի եւ Արեւմտեան Ափի հինգ միլիոն պաղեստինցիները, կ՛ունենանք գրեթէ հաւասար թիւով, նոյն տարածքը իրենց հայրենիքը համարող, իրարու թշնամի երկու ժողովուրդներ՝առանց նկատի ունենալու արաբներուն բնական աճի աւելի բարձր չափանիշները:
Պէտք է նշել, որ պաղեստինցիները Աստուածաշունչին մէջ յիշատակուած նոյն փղշտացիներն են, որոնք այդ օրերուն Իսրայէլի ծովափնեայ եւ Կազայի տարածքներու բնակիչներն էին. անոնց եւ հրեաներուն միջեւ անցեալին ալ թշնամանք կար, եւ ըստ Աստուածաշունչին, անոնց ահարկու մէկ ռազմիկը՝ Գողիաթը, Դաւիթի պարսատիկէն արձակուած քարով մը զգետնուած էր:
Ամերիկայի համար այս զոյգ պատերազմներու հետեւանքը բացասական կրնայ ըլլալ: Աշխարհի երրորդ տաք կէտը եւ Ամերիկայի թիւ մէկ մրցակիցը համարուող Չինաստան, որուն նկրտումները Չինաստանի Հարաւային Ծովուն (South China Sea) նկատմամբ գաղտնիք չեն, բնական դաշնակիցը պիտի դառնայ Ռուսիոյ, աւելի բարդացնելով Ամերիկայի մարտահրաւէրը:
Իրերու այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ կը թուի, թէ ամէնէն շատ օգտուողը Թուրքիան է: Էրտողան առիթը չփախցուց Կազայի հարցով «Համաս»ի կողմնակից եւ Իսլամութեան դրօշակիրը դառնալու, ինչպէս երեւաց Անգարայի մէջ բազմահազար թուրքերու կողմէ պաղեստինցիներուն ի նպաստ հաւաքի մը առիթով իր հռետորական բուռն ելոյթին ընդմէջէն: Ան չվարանեցաւ դէմ արտայայտուելու թէ՛ Իսրայէլի եւ թէ Ամերիկայի, իսկ հետեւելով թուրանականութեան գաղափարախօսութեան՝ Իսրայէլէն Տաղստանի մայրաքաղաք՝ Մախաչկալա թռիչքի ծանօթ դէպքին, երբ տաղստանցիներ, որոնք իսլամ կրօնքին կը պատկանին, ներխուժած էին օդակայանը, հրեաներ գտնելու եւ ահաբեկելու նպատակով: Փաստը այն է, որ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ կայ թուրանի նկատմամբ եւ հակառուս զգացումներու պարարտ հող, որ անկասկած կը շահագործուի ընդդէմ Ռուսիոյ, ուժեղ լծակ է Էրտողանի Թուրքիոյ ձեռքը:
Թուրքիոյ այս հակոտնեայ ճկուն քաղաքականութիւնը, որմէ տեւաբար կը փորձէ եւ կը յաջողի առաւելագոյն շահառուն հանդիսանալ, թէ՛ Իսլամական ճակատին վրայ, թէ՛ Արեւմուտքէն եւ թէ Ռուսիայէն, անծանօթ չէ աշխարհին՝ ներառեալ մեզի: Սակայն, տակաւին յստակ չէ, թէ ի՛նչ ազդեցութիւն կամ հետեւանք կրնայ ունենալ իր փոքր եղբայր՝ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական եւ դիւանագիտական գործակցութեան վրայ: Թէ որքա՛ն կրնայ իր աշխարհագրական բացառիկ դիրքը շահագործել ձեւաւորուող նոր աշխարհակարգի մը պարագային՝ որուն նախանշանները կ՛երեւան, աշխարհաքաղաքական իր նպատակներուն համար, թէ որքա՛ն աւելի հզօր Թուրքիոյ մը հեռանկարը ընդունելի է Արեւմուտքին համար, մանաւանդ ինչպէս Սովետական Միութիւնը անցեալին, նոյնպէս եւ այսօրուան Ռուսիան քանդուի, հաւանաբար մօտիկ ապագան ցոյց կու տայ, որմէ մեծ հաշիւով կախեալ է նաեւ Հայաստանի ապագան:
Այս օրերու յորձանուտին մէջ, պէտք է որդեգրենք ճկուն քաղաքականութիւն մը՝ մեր մակոյկը ապահով ափ հասցնելու համար, որուն համար անհրաժեշտ է մեր միասնականութիւնը՝ մեր իսկ գոյութեան համար:
Միայն այդպէս զերծ կը մնանք տարածաշրջանին սպառնացող թուսիտիտէսեան նորօրեայ թակարդներէն: