Eurasian Times պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստան Հնդկաստանէն պիտի գնէ անօդաչու թռչող սարքեր հարուածող համակարգ մը:
Կը նշուի, որ Հայաստան համաձայնագիր կնքած է Հնդկաստանի կողմէ մշակուած Zen հակաօդային համակարգ մը գնելու վերաբերող. անոր արժէքը 41.5 միլիոն տոլար է: Անոր մէջ ներառուած են թէ՛ անօդաչու թռչող սարքեր հարուածող համակարգը եւ թէ զինուորներու վերապատրաստութիւնը:
Ըստ նոյն հրապարակման՝ Zen Technologies ընկերութեան կողմէ մշակուած այս հակաօդային համակարգը կը ճշդէ սարքին գտնուած վայրը, կը յայտնաբերէ զայն եւ կը վերացնէ անոր սպառնալիքը՝ խափանելով անօդաչու թռչող սարքերու կապի համակարգը:
Zen Technologies-ը նաեւ յայտարարեց, որ 28 Հոկտեմբեր 2023ին տեղի ունեցած խորհուրդի հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն տրուեցաւ Հայաստանի մէջ մասնաճիւղի բացման:
Թերթը նաեւ կը յիշեցնէ, որ 2022ին, Հնդկաստան Հայաստանի հետ համաձայնագիր կնքեց 250 միլիոն տոլարի «Պինակա» համազարկային կրակի համակարգի, հակահրասայլային զինամթերքի եւ այլ ռազմամթերքի մատակարարման շուրջ: