Հայաստանի մօտ Շուէտի դեսպան Փաթրիկ Սուենսըն այցելեց Սիւնիքի մարզը: Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց դեսպանութիւնը:
Կապանի մէջ Սուենսըն միացաւ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան առաջատար պարէկութիւն կատարող խումբին՝ ականատես ըլլալով դիտորդներուն աշխատանքին՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին հակամարտութենէն տուժած տարածքներուն մէջ մարդկային ապահովութեան պահպանման միտող:
Սիւնիքի մարզը կատարած այցելութեան ընթացքին, դեսպանը նաեւ այցելեց Մեղրի, ուր հանդիպում ունեցաւ «Վինեթ Մեղրի» կիներու կարողականութեան խթանման կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն հետ, ծանօթացաւ Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ անոր գործունէութեան:
Հայաստան-Իրան սահմանի «Մեղրի» սահմանային անցակէտին մէջ ան ընդունուեցաւ անցակէտի ղեկավար անձնակազմին կողմէ, որ ներկայացուց անցակէտի ընդհանուր տարածքը եւ սահմանային գործառնութիւնները։
Ապա դեսպանը այցելեց Տաթեւ, ուր համայնքի ղեկավար Սամուէլ Լալայեան ներկայացուց տեղւոյն վրայ տիրող իրավիճակը եւ իրականացուող զարգացման ծրագիրները: Քննարկուեցաւ նաեւ Շուէտի աջակցութեամբ իրականացուող SALAR International-ի աշխատանքը, որ կը միտի ժողովրդավարութեան ամրապնդման եւ տեղական մակարդակի վրայ լաւ կառավարման: