Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախագահութեամբ՝ 8 Նոյեմբերին, բռնագրաւուած Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ զօրահանդէս մը, որ 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կը կատարուէր հոն:
Արցախի խորհրդանշական շէնքի հովանիին տակ ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները տողանցեցին Ստեփանակերտի փողոցներով դէպի Վերածնունդի հրապարակը, որ այդպէս կոչուեցաւ 1990ականներուն Ատրպէյճանի նկատմամբ Հայաստանի տարած յաղթանակէն ետք:
Զօրահանդէսը կազմակերպուած էր «44օրեայ պատերազմին հայերուն դէմ Ատրպէյճանի յաղթանակը» նշելու համար:
Զինուորական համազգեստով Ալեւ ողջունեց զինուորները՝ բռունցքը բարձրացնելով ի նշան յաղթանակի:
Ալիեւ առիթը օգտագործեց դարձեալ Հայաստանը կշտամբելու՝ «թշնամի» եզրը օգտագործելով հասցէագրելու այն հայերը, որոնց հետ իբր թէ խաղաղութիւն կ՛ուզէ հաստատել:
Շուրջ կէս ժամ տեւած իր խօսքին մէջ, Ալիեւ հաստատեց, որ Ատրպէյճանի մէջ այլեւս անջատողականութիւն չկայ, եւ որ այսօր Ատրպէյճան կը վերահսկէ իր ամբողջ տարածքը, ինչ որ կարելի դարձաւ «այս հրապարակին վրայ կանգնած հերոսներուն՝ տասնեակ հազարաւոր ատրպէյճանցի զինուորներուն շնորհիւ»:
Ան ըսաւ, որ Հայաստան չլսեց իր նախազգուշացումները եւ այդպիսով ստիպեց Ատրպէյճանը Սեպտեմբերին յարձակելու Արցախի վրայ, եւ այդ պատճառով ալ արցախահայերը բռնի տեղահան եղան եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը գրաւուեցաւ:
Ալիեւ նշեց, թէ 2020ի պատերազմէն ետք, Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ կատարուած գործողութիւնները, մասնաւորաբար՝ Փառուխի գործողութիւնը, Հայաստանին յղուած ուղերձներ էին: «Եթէ անոնք այն ատեն ականջ տային մեզի, Սեպտեմբերին հակահաբեկչական գործողութիւն իրականացնելու կարիք չէր ըլլար», յայտարարեց ան:
Ալիեւ անդրադարձաւ նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահներուն՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ տասնամեակներ շարունակուող միջնորդական ջանքերուն: «Միջնորդները, ըստ էութեան, կը փորձէին սառեցնել իրավիճակը: Անոնք այն տպաւորութիւնը ունէին, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը պիտի հաշտուի այդ իրողութեան հետ: Բայց ես տարբեր հարթակներէ կը յայտարարէի, որ եթէ միջնորդական ջանքերը արդիւնք չտան, մենք ուժի կիրարկումով եւ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ պիտի ազատագրենք մեր պապենական հողերը», յայտարարեց Ալիեւ:
Անառիթը չփախցուց դարձեալ սպառնալու Հայաստանի դէմ ռազմական գործողութեամբ՝ միաժամանակ պնդելով անյապաղ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւնը:
«Հիմա արդէն Ատրպէյճան հասած է բոլոր նպատակներուն եւ նոր պատերազմ չ՛ուզեր Հայաստանի հետ», ըսաւ ան՝ նոյն ժամանակ հաստատելով, որ կը շարունակէ բանակի հզօրացումը եւ ամրապնդումը:
«Մենք բոլոր հարցերը լուծած ենք, բայց հարցերը, որոնք կը վերաբերին բանակաշինութեան, մեզի համար առաջնային պիտի մնան: Թող ամէն մարդ գիտնայ, որ այսուհետեւ մեզի հետ կարելի չէ կատակել, մենք ենք հոս թելադրողը», պնդեց ան:
Այս առիթով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Ալիեւի՝ յայտնելով. «Մենք պիտի շարունակենք ձեր կողքին ըլլալ, մենք պիտի հասնինք կայուն խաղաղութեան եւ բարգաւաճման Հարաւային Կովկասի մէջ: Միասին պիտի ծրագրենք եւ քայլեր առնենք դէպի կայունութիւն, ինչպէս ցարդ ըրած ենք»: