Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթութիւն մնալ Միացեալ Նահանգներու համար: Այս հաստատումը կատարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթել՝ իբրեւ պատասխան լրագրողի մը հարցումին:
Ընդգծելով, որ Սեպտեմբերին, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաները յայտարարած էին, թէ Երեւան եւ Պաքու իրենց պաշտօնեաները պիտի ուղարկեց Ուաշինկթըն՝ հանդիպումի մը. լրագրող մը ուզեց գիտնալ, թէ Ուաշինկթըն տակաւին կը շարունակէ՞ տարբերակ ըլլալ բանակցութիւններուն:
«Անշուշտ: Այս բոլորէն դուրս, որ կը կատարուի աշխարհի մէջ, եւ որ յաճախ այս սենեակէն շատ թթուածին կը խլէ, այդ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւնը կը շարունակէ մեզի համար առաջնահերթութիւն մնալ», ըսաւ Փաթել: