Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմէն:
Մաքրոն վերահաստատեց Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին` հետագայ զարգացման եւ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ:
Փաշինեան իր կարգին կարեւոր նկատեց Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան զարգացումը բոլոր ոլորտներուն մէջ եւ շեշտեց Հայաստանի կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը այս հարցին մէջ։
Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին վերաբերող հարցեր: Շեշտուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման առումով Հայաստանի վարչապետին, Ֆրանսայի նախագահին, Գերմանիոյ վարչապետին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին Կրանատայի քառակողմ յայտարարութեան մէջ տեղ գտած սկզբունքներուն կարեւորութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղային զտման քաղաքականութեան պատճառով առաւել քան 100,000 բռնի տեղահանուած անձերու դիմագրաւած մարդասիրական հարցերուն, ինչպէս նաեւ անոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն: Կարեւոր նկատուեցաւ հարցերը լուծմելու համար միջազգային հանրութեան օժանդակութիւնը։
Փաշինեան եւ Մաքրոն միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան շուրջ: