Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբերին, Ուաշինկթընի մէջ գումարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան եւ Գանատայի Հայոց թեմերու հոգեւորականներու համագումարը: Թեմերը, առաջնորդ սրբազաններուն՝ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի (Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմ), Բաբգէն արք. Չարեանի (Գանատայի Հայոց թեմ) եւ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի (Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմ) եւ հոգեւոր դասուն հետ, իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ համագումարին:
Համագումարին նպատակն էր՝ հաւաքական քննարկումի ենթարկել ընկերաբարոյական կարգ մը հարցեր, որոնք անմիջականօրէն առնչութիւն ունին մեր համայնքներու առօրեայ կեանքին եւ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան հետ:
Վեհափառը, համագումարին բացումը կատարելով ՝ շեշտեց, որ այս եզակի երեւոյթ մըն է, երբ, ընդառաջելով իր թելադրութեան, առաջնորդ սրբազաններուն կազմակերպութեամբ, տեղի կ՛ունենայ նման նախաձեռնութիւն մը: Հայրապետը յիշեցուց, որ համագումարին նպատակը քննարկուելիք հարցերուն լուծում տալ չէ, այլ Աստուածաշունչին, մեր եկեղեցւոյ հայրերուն ուսուցումներուն եւ ներկայ իրականութիւններուն լոյսին տակ, միշտ հովուական տեսանկիւնէ դիտուած, փորձել յստակացումներ կատարել եւ ապա հաւաքական մօտեցումներ ճշդել է:
Համագումարին առաջին բաժինը բաղկացած էր երկու դասախօսութիւններէ, որոնք տրուեցան բարոյագիտական հարցերու դասախօս ու հեղինակ դոկտ. Վիգէն Կիւրոյեանի եւ դատաւոր Տէյվիտ Էրիքսընի կողմէ: Առաջինը ընկերաբարոյագիտական հայեցակէտով իր վերլուծումը պարզեց կարգ մը հարցերու գծով, յատկապէս նկատի ունենալով Միացեալ Նահանգներու պարզած ընկերային միջավայրը: Երկրորդ դասախօսը նոյն հարցերուն մօտեցաւ իրաւական տեսանկիւնէն, իր կարգին ընդգծելով ընկերաբարոյագիտական հարցերուն պարզած բարդ հանգամանքը: Իւրաքանչիւր դասախօսութենէ ետք, հոգեւորականները իրենց հարցումները ուղղեցին դասախօսներուն: Ապա, վեհափառը իր եզրափակիչ խօսքը արտասանեց: Ակնարկելով եկեղեցիներու ներկայութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ ան ըսաւ, որ քրիստոնէութիւնը կը դիմագրաւէ շարք մը լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնց կարգին են քրիստոնէութեան աշխարհայնացումը, ամերիկայնացումը եւ համաշխարհայնացման մշակոյթին աճող տիրապետութիւնը: Այս երեւոյթներուն բացասական հետեւեանքները եկեղեցիներու կեանքին, մտածողութեան ու վկայութեան մէջ հետզհետէ դարձած են տիրական: Արամ Ա. ըսաւ, որ այս առանցքին վրայ պէտք է դիտուին ընկերաբարոյագիտական հարցերը: Ապա, ան իր տեսակէտները պարզեց երկու դասախօսներուն ներկայացուցած կարգ մը կէտերու շուրջ:
Երեկոյեան տրուեցան չորս դասախօսութիւններ՝ յաջորդաբար Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէքեանի, Զարեհ վրդ. Սարգիսեանի, Վահան քհնյ. Գույումճեանի եւ Նարեկ քհնյ Թռթրեանի կողմէ, որոնք լայնօրէն անդրադարձան հետեւեալ հարցերուն՝ վիժում, արհեստական յղացում, սեռային անբնական հակումներ, հոգեբանական հարցեր, դիակիզում ու հեշտամահ: Իւրաքանչիւր զեկոյցէ ետք, հոգեւոր հայրերը դարձեալ առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու դասախօսներուն, որոնք տուին համապատասխան լուսաբանական պատասխաններ։
Համագումարը յաջորդաբար վարեցին Սահակ Ծ. վրդ Եմիշեան եւ Պօղոս Ծ. վրդ. Թինքճեան:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ, վեհափառը անդրադարձաւ երեք մարզերու.-
ա) Ընկերաբարոյական հարցերը բազմազան են ու այլազան եւ անոնք առաւել կամ նուազ չափով համամարդկային են եւ բնականաբար ունին տարբեր արտայայտութիւններ տարբեր ընկերութիւններու կեանքին մէջ: Անհրաժեշտ է, որ մեր քննարկումները շարունակուին: Մեր եկեղեցւոյ մօտեցումը պէտք է ըլլայ ո՛չ դաւանական եւ տոկմաթիք, այլ՝ հովուական, եւ անհրաժեշտ է հասկացողութիւն ցուցաբերել յատուկ պարագաներու, միշտ մեկնելով եկեղեցւոյ ուսուցումներէն: Այս ծիրին մէջ հարկ է նկատի ունենալ ճարտարագիտական մարզին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ անոնց առնչութիւնը աստուածաբանական սկզբունքներուն եւ հոգեւոր արժէքներուն հետ:
բ) Կաթողիկոսը թելադրեց երեք առաջնորդ սրբազաններուն, որ համագումարին քննարկուած նիւթերը ամփոփեն եւ անոնցմէ յառաջացած առաջարկները ներկայացնեն իրեն, որպէսզի յառաջիկայ ամիս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ժողովին ընթացքին յատուկ քննարկումներու ենթարկուին: Հայրապետը այս ուղղութեամբ նաեւ թելադրեց հոգեւոր հայրերուն լուսաբանական յօդուածներ գրելու եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները ու ուղղութիւնները փոխանցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն, իրենց կեանքին հետ սերտ աղերս ունեցող ընկերաբարոյական հայրցերուն մասին:
գ) Հայրապետը անդրադարձաւ հոգեւոր հայրերուն առաքելութեան վերաբերող շարք մը գործնական հարցերու, շեշտելով ծխային համայնքներու վերաշխուժացման հրամայականը՝ Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծիրին մէջ: Այս առիթով, ան իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հայրերուն եւ բոլոր հոգեւորականներուն՝ իրենց կատարած նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ համագումարին իրենց բերած գործօն մասնակցութեան համար:
Յայտնենք, որ համագումարը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ փակուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ: