Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդհանուր համաժողովի 42րդ նստաշրջանին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի 10ամսեայ շրջափակումին, մարդասիրական ճգնաժամին, լայնածաւալ ռազմական յարձակումին եւ խաղաղ բնակչութեան ու ենթակառուցուածքներու թիրախ դարձնելուն, որոնց պատճառով Արցախի ամբողջ բնիկ հայ բնակչութիւնը բռնի տեղահան եղաւ եւ ցեղային զտման ենթարկուեցաւ`ստիպուելով հեռանալու իր տուներէն` հոն ձգելով սրբավայրերը եւ հազարամեայ մշակութային ու կրօնական ժառանգութիւնը։
Ան շատ կարեւոր նկատեց Արցախի մէջ մնացած մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութիւնը՝ վանտալութեան եւ թալանին դէմ.
«2020թ. աշնանից Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակաբար ահազանգել է միջազգային հանրութեանը Լեռնային Ղարաբաղում եւ շրջակայքում հսկայական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, պղծման եւ իւրացման` Ադրբեջանի պետական քաղաքականութեան մասին», ըսաւ ան՝ շարունակելով. «Հայկական մշակութային ժառանգութեան անկախ մշտադիտարկման եւ քարտէզագրման նպատակով ԵՈՒՆԵՍԿՕի անկախ փաստահաւաք առաքելութեան գործուղումը Լեռնային Ղարաբաղ առանցքային գործօն է հայկական մշակութային արժէքների ոչնչացումը կամ խեղաթիւրումը կանխելու հարցում»։
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳէ՝ «ԱՆՀԻՄՆ ԵՒ ՍՈՒՏ» ՆԿԱՏԵԼՈՎ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ արձագանգեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ելոյթին՝ «անհիմն» որակելով Ատրպէյճանի հասցէին հնչած մեղադրանքները։
Հաճիզատէ «սուտերով լեցուն» նկատելով Միրզոյեանի խօսքը՝ շեշտեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը «ինքնակամ տեղափոխուեցան Հայաստան, մինչդեռ հայկական կողմը կեղծաւոր կերպով կը շարունակէ մեղադրել Ատրպէյճանը՝ ցեղային զտումներով, այդ ձեւով չարաշահելով միջազգային տարբեր հարթակները»։
«Հայաստանի կողմէ նման «անհիմն պնդումներ» ուղղակիօրէն կը հակասեն տարածաշրջան այցելած եւ այս երկրին մէջ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող ՄԱԿի մասնագիտացած կառոյցներու ներկայացուցիչներու զեկոյցներուն եւ յայտարարութիւններուն», պնդեց Հաճիզատէ։
Անդրադառնալով Առցախի մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական յուշարձաններուն սպառնացող վտանգին մասին Միրզոյեանի ահազանգերուն` Հաճիզատէ ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածքներուն մէջ գտնուող պատմական եւ կրօնական յուշարձանները իրենց «ազգային մշակութային ժառանգութիւնն են եւ պաշտպանուած են` անկախ իրենց ծագումէն, աշխարհիկ կամ կրօնական պատկանելութենէն»:
Անդրադառնալով Արցախ ԵՈՒՆԵՍՔՕի անկախ փաստահաւաք առաքելութեան խումբ մը գործուղելու Արարատ Միրզոյեանի յորդորին` Հաճիզատէ դարձեալ մեղադրեց Հայաստանը ընդդէմ Ադրբեջանի «կեղծ ու զրպարտող հռետորաբանութեան» մէջ` նշելով, որ այդ ձեւով Հայաստան «կը վտանգէ խաղաղութեան համաձայնագիրի հեռանկարները»։
«Յոյս ունինք, որ հայկական կողմը չի փախցներ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման այս պատմական կարելիութիւնը եւ չի խոչընդոտեր տարածաշրջանային կայունութեան եւ տնտեսական կայունութեան ապահովման միտող ջանքերը, որոնցմէ պիտի շահի նաեւ իրենց երկիրը», եզրափակեց Հաճիզատէ։