Մոսկուա դարձեալ յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ երթեւեկի հաղորդակցութեան կապին ոչ թէ հայերը պէտք է վերահսկեն, այլ՝ Ռուսիոյ ապահովութեան ծառայութեան սահմանապահները: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա հաստատեց, որ այս մասին նշուած է 9 Նոյեմբերին եւ անկէ ետք ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերուն մէջ, մինչ Երեւան կը պնդէ, որ երբեք եւ որեւէ փաստաթուղթով չէ ստանձնած սահմանային վերահսկողութիւնը երրորդ երկրի մը յանձնելու պարտաւորութիւնը:
«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան իններորդ կէտին մէջ կը նշուի, որ Հայաստան կ՛երաշխաւորէ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ երթեւեկի հաղորդակցութեան ապահովութիւնը` քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անխոչընդոտ տեղաշարժը կազմակերպելու նպատակով: Երթեւեկի հաղորդակցութեան վերահսկողութիւնը կը կատարեն Ռուսիոյ Ապահովութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ մարմինները։
Այդ յայտարարութեան եւ մինչ օրս հրապարակուած որեւէ այլ փաստաթուղթի մէջ յստակ չի նշուիր, թէ Ռուսիոյ սահմանապահ ծառայութիւնները ինչպէ՞ս պիտի կատարեն վերահսկողութիւնը, ի՞նչ գործիքակազմերով եւ ի՞նչ կէտերու մէջ: Սակայն,Մոսկուա 9 Նոյեմբեր 2023ին դարձեալ պնդեց, թէ տարածաշրջանի ապաշրջափակման ա՛յդ պայմաններով պատրաստ է աջակցելու, եւ այդ նպատակով կողմերուն միջեւ նախորդ տարիներուն 12 հանդիպումներ կազմակերպած է` փոխվարչապետերու մակարդակով, նոյն ատեն յայտնելով, թէ Հայաստանի վարչապետին ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը համահունչ է այն առաջարկներուն, որոնք քննարկուած են Մոսկուայի նախաձեռնութեամբ: «Եռակողմ աշխատանքային խումբը կը զբաղի տարածաշրջանին մէջ տնտեսական, երթեւեկի հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակումով: Մեր համոզուած ենք, որ այդ գործընթացը կարեւոր դեր կը խաղայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մէջ եւ կը նպաստէ ամբողջ Հարաւային Կովկասի տարանցիկ ներուժի կայունացման ու բացայայտման», ըսաւ Զախարովա:
Ան յիշեցուց, որ երեք երկիրներու ղեկավարները եռակողմ աշխատանքային խումբ կազմելու մասին որոշում տուին 2020ի աշնան՝ Արցախի վրայ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն քանի մը ամիս ետք։
«Մենք շատ մօտ ենք փաթեթային լուծման, որ ձեռնտու պիտի ըլլայ կողմերուն: Դժբախտաբար, տակաւին կարելի չեղաւ այս հարցերուն վերջակէտ մը դնել։ Այդ մէկը ընելու համար, մէկուն մօտ կը բացակայի քաղաքական կամքը, եւ այդ մէկը մենք չենք: Ինչպէս նախապէս, մենք պատրաստ ենք անհրաժեշտ օգնութիւնը ցուցաբերելու տարածաշրջանին մէջ երթեւեկի հաղորդակցութիւնները բանալու համար», շեշտեց Զախարովա։
Ըստ անոր՝ տարածաշրջանի երկիրներուն եւ անոնց դրացիներուն միջեւ փոխգործակցութեան համար, Մոսկուա լաւ հարթակ կը նկատէ «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակը, որ վերջերս օգտագործուեցաւ նախարարներու հանդիպման համար:
«Կ՛ակնկալենք, որ 2024ին, Թուրքիոյ մէջ հարթակի յաջորդ նիստին ընթացքին կը քննարկուի նաեւ երթեւեկի հաղորդակցութեան նիւթը: Այս ձեւաչափի ծիրին մէջ, Երեւանի կառուցողական առաջարկները, վստահ եմ, պահանջուած պիտի ըլլան», եզրափակեց Զախարովա։
Մոսկուայի այս յայտարարութեան արձագանգեց Երեւան՝ յանձին արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանի, որ ըսաւ, թէ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու բացման պարագային, Հայաստան իր տարածքին մէջ իր պետական կառոյցներուն միջոցով պէտք է կատարէ սահմանային եւ մաքսային հսկողութիւնը։
Ան նշեց, որ այս մէկը ակնյայտ կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջերս հրապարակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի հիմնական սկզբունքներէն:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեւէ, որեւէ փաստաթղթով չի համաձայնուել իր սուվերենութեան (ինքնիշխանութեան) որեւէ սահմանափակման, եւ իր սուվերեն տարածքի որեւէ հատուածի վրայ երրորդ երկրի վերահսկողութիւն հաստատուել չի կարող», շեշտեց Բադալեան:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը վերջերս ստեղծած է յատուկ ստորաբաժանում մը, որուն առաջադրանքն է՝ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու բացման պարագային, այդ ուղիներու, ինչպէս նաեւ անոնց միջոցով ապրանքներու, բեռներու, փոխադրամիջոցներու եւ մարդոց անցման ապահովութիւնը երաշխաւորելը։