Միացեալ Նահանգները 21 Նոյեմբերին, Միջազգային զարգացման գործակալութեան միջոցով հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց Արցախի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններէն տուժած մարդոց կարիքները հոգալու նպատակով, առաւել քան 4.1 միլիոն տոլար լրացուցիչ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու մասին:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութիւնը՝ նշելով, որ այս յաւելեալ ֆինանսաւորման հետ 2020էն ի վեր Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի արձագանգման գծով Միացեալ Նահանգներու մարդասիրական օգնութիւնը կազմած է շուրջ 28 միլիոն տոլար:
Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի, որ 19էն 20 Սեպտեմբերին, Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութեան պատճառով, առաւել քան 100,000 անձեր տեղահանուեցան Հայաստան, այդ պատճառով յառաջացան մարդասիրական անյետաձգելի կարիքներ»:
«Այս լրացուցիչ աջակցութեան միջոցով, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած՝ խոցելի վիճակի մէջ գտնուող գրեթէ 74,000 գաղթականներուն եւ տեղահանուած անձերուն հրատապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու ջանքերուն: Այս ֆինանսաւորման շնորհիւ պիտի աւելնայ կենսական նշանակութիւն ունեցող պարէնային օգնութեան ծաւալը, պիտի տրամադրուի մարդասիրական պաշտպանութիւն եւ արտակարգ իրավիճակներու համար նախատեսուած ժամանակաւոր ապաստան: Միացեալ Նահանգները կանգնած է Ատրպէյճանի ռազմական գործողութենէն տուժած քաղաքացիներուն կողքին եւ կ՛աջակցի Հայաստանի կառավարութեան՝ կարիքի մէջ գտնուող մարդոց օգնելու ջանքերուն», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ: