Ատրպէյճանի խորհրդարանը յատուկ յայտարարութեամբ մը դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին ընդունած «Հայերու պաշտպանութեան 2023ի օրէնքը»ը՝ դիտել տալով, որ անիկա «լուրջ հարուած է կը հասցնէ Պաքուի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն»:
«Ասիկա լուրջ խոչընդոտ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Ատրպէյճանցի օրէնսդիրները կը յայտնեն, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին ընդունած որոշումը «երկակի չափանիշներու եւ ընտրովի մօտեցման վառ օրինակ է»՝ յայտարարելով, որ Հայասան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ միջնորդի դեր ստանձնած Ուաշինկթընի այդ գործողութիւնները «պատճառ դարձան անոր հեղինակութեան կորուստին»:
Այս փաստաթուղթով Ատրպէյճան քննադատեց ընդհանուր առմամբ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը եւ պնդեց, որ «Միացեալ Նահանգներու վերջին տարիներու արտաքին քաղաքականութիւնը բոլորովին ձախողած է»:
Յիշեցնենք, 15 Նոյեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ընդունեց «Հայաստանի պաշտպանութեան 2023ի օրէնք» խորագրուած բանաձեւը, որ կրնայ երկրին նախագահէն երկու տարիով խլել 1992ին վաւերացուած «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»ի թիւ 907 ենթաբաժինը շրջանցելու իրաւունքը, որ կը վերաբերի Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան: