Պաքու Երեւանին առաջարկեց երկկողմ ուղիղ բանակցութիւններ, որոնց կարգին՝ նաեւ սահմանին վրայ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բանակցութիւններու այս լճացումը չի նպաստեր տարածաշրջանի կայունութեան:
«Ատրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ երկկողմ ուղիղ բանակցութիւններու՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի շուտափոյթ աւարտին համար: Կը կարծենք, որ երկու երկիրները պէտք է միասին որոշեն իրենց յարաբերութիւններու ապագան: Խաղաղ գործընթացի շարունակութեան պատասխանատուութիւնը, որոնց կարգին՝ փոխադարձ ընդունելի վայրի ընտրութիւնը կամ պետական սահմանին հանդիպելու որոշումը, կը պատկանի երկու երկիրներուն», յայտարարեց վերջին շրջանին արեւմտեան բանակցային հարթակները պոյքոթի ենթարկող Պաքու՝ հայկական կողմին յորդորելով «խուսափիլ նոր անհարկի ձգձգումներէ»:
«Հայաստան պէտք է հասկնայ, որ խաղաղութեան արմատները հոս են, եւ ոչ թէ Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի եւ Փարիզի մէջ», յայտարարեց Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ՝ Երեւանին կոչ ուղղելով հայեացքը ուղղել դէպի տարածաշրջանը:
Ըստ «Ազատութեան»՝ Երեւան տակաւին ուղղակի չպատասխանեց Պաքուի հետ առանց միջազգային միջնորդներու բանակցութիւններ վարելու առաջարկին կամ՝ արդեօք ընդունելի՞ է սահմանին հանդիպման առաջարկը:
ԵՐԵՒԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ԻՐ 6ՐԴ ԱՌԱՋԱՐԿԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻՆ
Զուգահեռաբար, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագռութեան մը միջոցաւ յայտարարեց, որ հայկական կողմը Ատրպէյճանին փոխանցեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերող իր 6րդ առաջարկը:
Նախարարութիւնը «Էքս»ի իր էջին վրայ գրած է հետեւեալը. «Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմանն ուղղուած դիւանագիտական ջանքերի ակտիւացման (աշխուժացման) մասին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Նոյեմբերի 18ի հրապարակային յայտարարութիւնից յետոյ հայկական կողմը ադրբեջանական կողմին է ներկայացրել համաձայնագրի իր 6րդ առաջարկը: Հայաստանը շարունակում է հաւատարիմ մնալ նախկինում յայտարարուած սկզբունքների հիման վրայ յարաբերութիւնների կարգաւորման փաստաթղթի կնքմանն ու ստորագրմանը»:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ Յակոբ Արշակեան, պատասխանելով ուղիղ բանակցութիւններու գծով ատրպէյճանական կոչին վերաբերող Հայաստանի կեցուածքին մասին հարցումի մը՝ դիտել տուաւ, որ Հայաստան բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու: «Աւելին, փոխանակւում են խաղաղութեան պայմանագրերի տարբեր նախագծեր: Դրա մասին մեր Արտաքին գործերի նախարարութիւնն անընդհատ մեկնաբանութիւններ է տալիս նորութիւններ լինելու դէպքում: Եթէ առաջարկներով փաստաթուղթ է ուղարկւում Երեւան, Երեւանից առաջարկներով փոխանցւում Բաքու, դա ի՞նչ է, եթէ ոչ բանակցութիւն», ըսաւ Արշակեան:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստան երբեք չէ խուսափած բանակցութիւններէն եւ մասնակցած է բանակցութիւններուն այն հարթակներուն վրայ, զորս արդիւնաւէտ նկատած է: