
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին յառաջացուցած «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յստակացած են 2023-2024ի կրթական տարեշրջանին համար Մինա Շիրվանեանի անուան կրթանպաստները ստացող համալսարանական ուսանողներու անունները, որոնց թիւը այս տարի բարձրացած է 20ի:
Հայաստանի Շիրակ մարզէն ուսանողներու յատուկ այս կրթանպաստներու հիմնադրամը հաստատուած էր հանգուցեալ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններուն կողմէ, իսկ Շիրվանեան ընտանիքին եւ տէր եւ տիկին Վահիկ եւ Ալիս Պետրոսեաններուն, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Նիկոլ եւ Զապէլ Աբրահամեաններուն յաւելեալ նուիրատուութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած էր այս տարուան կրթանպաստ ստացողներուն թիւը աւելցնել։
Այս տարուան կրթանպաստները ստացողներն են՝ Փառանձեմ Փիլոյեան, Սիւզաննա Կարապետեան, Մարի Ժամկոչեան, Շուշանիկ Աւագեան, Քրիսթին Ղազարեան, Անահիտ Աւտալեան, Ելենա Յովհաննիսեան, Ժենիա Միրիամեան, Լուսին Կարապետեան, Աշոտ Գէորգեան, Ալվարդ Ղոչոյեան, Յովհաննէս Յովհաննէսեան, Շողակաթ Յովսէփեան, Արման Գէորգեան, Վլատիմիր Վարդանեան, Լարիսա Շահպազեան, Աննա Մանասեան, Նինա Մարկոսեան, Անահիտ Ստեփանեան եւ Շուշանիկ Աբրահամեան։
Նշենք, որ կրթանպաստ ստացող ուսանողները սովորաբար կամաւոր սպասարկութիւններ կը մատուցեն Գիւմրիի մէջ հաստատուած «Շիրվանեան» Երիտասարդական կեդրոնին, որ մշակութային եւ դաստիարակչական ծառայութիւններ կը տրամադրէ քաղաքին եւ Շիրակ մարզի երիտասարդներուն ու նոյնպէս կը տնօրինուի «Մենք ենք Գիւմրին» յանձնախումբին կողմէ:
Այս տարի, կեդրոնը սպասարկութիւններ կը մատուցէ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած երիտասարդներուն։