Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը եւ Իսրայէլ Երկուշաբթի օր շարունակեցին անցեալ Ուրբաթ օր սկսած գերիներու փոխանակումները: «Համաս»ը յայտարարեց, որ, ընդառաջելով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի փափաքին, Ռուսիոյ քաղաքացի մը եւս ազատ արձակած է:
Իսրայէլ իր բանտերուն մէջ պահուող մօտաւորապէս 150 պաղեստինցի կիներ ու պատանիներ ազատ արձակեց, իսկ «Համաս»ը՝ մօտաւորապէս 60 իսրայէլացի գերիներ եւ օտարահպատակներ:
Աւելի ուշ, Քաթար յայտարաեց, թէ կողմերը համաձայնած են չորսօրեայ զինադադարը երկու օրով եկարաձագել։
Սակայն, «Արապիա»ն հաղորդեց, որ նախքան այդ, «Համաս»ը միջնորդներուն բողոք ներկայացուցած է՝ Իսրայէլի՝ զինադադարի պայմանները չյարգելուն համար:
«Հուրրա»ն հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը արգիլած է վառելանիւթի Կազա մուտքը, մինչ մարդասիրական օժանդակութիւններու մուտքը կը շարունակուի:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Կիրակի օր այցելեց Կազայի բռնագրաւեալ շրջանները, մինչ իսրայէլեան ուժերը Արեւմտեան Ափի Ժենին շրջանը ներխուժեցին: «Համաս»ը յայտարարեց, որ այդ արարքը անպատասխան պիտի չմնայ:
«Համաս»-Իսրայէլ բախումը կը շարունակէ իր ազդեցութիւնը ունենալ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր երեք պաղեստինցի համալսարանականներ վիրաւորուեցան Վըրմանթի մէջ, երբ սպիտակամորթ զինեալ մը կրակ բացաւ անոնց վրայ։