Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպաններուն հետ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի 22 Նոյեմբերին ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան ընդգրկուն օրակարգի հարցերուն շուրջ միտքեր փոխանակցուեցան:
Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ քաղաքական երկխօսութեան խորացման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերուն, տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան առաւել զարգացման հեռանկարներուն։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ քանի մը օր առաջ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական Միութեան քաղաքական եւ ապահովական հարցերու երկխօսութեան երկրորդ բարձրաստիճան նիստի գումարման եւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան գործունէութեան:
Միրզոյեան կարեւոր նկատեց մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկի ուղղութեամբ դրական ընթացքը վերջնական որոշում տալու հասցնելը։
Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան հարցեր: Միրզոյեան ներկայացուց շրջանին մէջ կայունութեան եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման գծով Հայաստանի տեսլականը: Ան ընդգծեց, որ անիկա հիմնուած է այն առանցքային սկզբունքներուն վրայ, որոնք կ՛արտացոլան նաեւ Հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի ծիրին մէջ տեղի ունեցած քառակողմանի հանդիպումէն ետք ընդունուած յայտարարութեան մէջ, որ կը վերաբերի տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման, սահմանազատման եւ տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման:
Միրզոյեան Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի հիման վրայ դրուած` տարածաշրջանին մէջ կապուղիներու արդիւնաւէտ ապաշրջափակման եւ շահաւէտ փոխկապակցուածութեան ձեւաւորման տեսլականը, ինչ որ կրնայ նաեւ խաղաղութեան երաշխիք դառնալ:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Սեպտեմբերին կատարուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումին եւ անոր պատճառով Արցախի ամբողջական ցեղային զտման` Միրզոյեան նշեց Հայաստան բռնի տեղահանուած արցախահայութեան կարիքներու եւ իրաւունքներու հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը: