Հակառակ բոլոր բարդութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, Երեւան կը յայտարարէ, որ կայ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման իրական կարելիութիւն, որ կրնայ իրականացուիլ երկուստեք քաղաքական կամքի պարագային, իսկ «հայկական կողմն ունի այդ կամքը»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեան մը միջոցաւ այսպէս արձագանգեց Պաքուէն հնչող յայտարարութեան, թէ՝ պատրաստ է ուղիղ բանակցելու Երեւանի հետ:
Նախարարութիւնը դիտել կու տայ, որ այդ կամքի արտայայտութիւններէն է նաեւ այն, որ Հայաստան Ատրպէյճանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովներու նիստ գումարել երկու երկիրներուն միջեւ պետական սահմանին վրայ:
Ամիսներէ ի վեր ոչ միայն Հայաստան-Ատրպէյճան պաշտօնական բանակցութիւններ տեղի չեն ունենար, այլ նաեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծը չէր փոխանակուեր:
Պաքու վերջերս դժգոհութիւն յայտնեց, թէ Հայաստանին ներկայացուցած են «Խաղաղութեան համաձայնագիրի հինգերորդ տարբերակը, սակայն արդէն երկու ամիսէ ի վեր Երեւան չ՛արձագանգեր»:
Ընդգծելով, որ 21 Նոյեմբերին Երեւան Պաքուին փոխանցեց յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին համաձայնագիրի իր` 6րդ խմբագրութիւնը` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաքուին կը յիշեցնէ հետեւեալը․ «Մինչ Հայաստանն ադրբեջանական վերջին առաջարկները ստանալուց յետոյ դիտարկում էր դրանք եւ պատրաստակամ էր շարունակել պայմանագրի նախագծի շուրջ բանակցութիւնները, Ադրբեջանը Սեպտեմբերի 19ին լայնածաւալ ռազմական յարձակում իրականացրեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի դէմ, որը յանգեցրեց ԼՂ ողջ հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման»:
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ ատրպէյճանական կողմը չմասնակցեցաւ նախ Եւրոպական քաղաքական համայնքի ծիրին մէջ Կրանատայի, ապա Պրիւքսէլի մէջ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով հանդիպումներուն, թէեւ այդ հնգակողմ եւ եռակողմ հանդիպումները նախապէս համաձայնեցուած էին, իսկ Երեւան առաւել արդիւնաւէտ նկատած է զանոնք ներկայացնել Ատրպէյճանին ենթադրուող հանդիպումներուն ընթացքին:
«Այնուամենայնիւ, բանակցային գործընթացը փակուղի մտցնելու եւ մեր տարածաշրջանում տեւական խաղաղութեան հասնելու փորձերը կանխելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կառուցողականօրէն փոխանցել է համաձայնագրի վերաբերեալ իր դիտարկումները», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
Երեւան կը վերահաստատէ, որ պատրաստ է դարձեալ ներգրաւուելու բանակցութիւններուն մէջ` իբրեւ ուղենիշ ունենալով իրարու տարածքային ամբողջականութեան` առանց երկիմաստութիւններու փոխադարձ ճանաչումը եւ յարգումը, Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն եւ խորհրդային ամէնէն թարմ օրինական քարտէսներու հիման վրայ հետագայ սահմանազատման գործընթացի իրականացումը, պետութիւններու ինքնիշխանութեան ու իրաւազօրութեան ամբողջական յարգման եւ հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ տարածաշրջանի ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը: