Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի տեղակայման տարածքին մէջ ռուս խաղաղապահի օրուան առիթով բացուեցաւ 20 Սեպտեմբերին զոհուած ռուս խաղաղապահներու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը:
Յիշեցնենք, որ այդ օր, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ Արցախի Ճանկաթաղ բնակավայրի շրջանին մէջ, Ռուսիոյ խաղաղապահները տեղափոխող ինքնաշարժ մը գնդակոծութեան ենթարկուած է, այդ պատճառով ալ մահացած են ինքնաշարժին մէջ գտնուող ռուս զինուորները:
Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ զոհուած 5 խաղաղապահներու շարքին եղած է Արցախի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի 52 տարեկան փոխհրամանատարը: