Լաչինի միջանցքով Հայաստան անցնելու ընթացքին, Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան աշխատակիցներուն կողմէ առեւանգուած Արցախի բնակիչ Վագիֆ Խաչատրեանի նկատմամբ արձակուած ապօրինի դատավճիռին դէմ վերաքննիչ բողոք ներկայացուեցաւ:
«Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ դիտել տուաւ, որ այս մասին յայտնեց անոր փաստաբանը՝ Ռատմիլա Ապիլովա:
Պաքուի ռազմական դատարանին մէջ աւարտեցաւ Վագիֆ Խաչատրեանի գործով դատավարութիւնը, անոր նկատմամբ շինծու մեղադրանք առաջադրուեցաւ, եւ ան դատապարտուեցաւ 15 տարուան բանտարկութեան: