Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) մամլոյ քարտուղար Օմեր Չելիք յայտարարեց, թէ Թուրքիա կը փափաքի, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ շարունակուող քննարկումները խաղաղութեան համաձայնագիրի հասցնեն:
«Էյ.Փի.Էյ.»ը կը հաղորդէ, որ ան նշեց, թէ «եթէ Հայաստանը հրաժարի ապակառուցողական քայլերէն, «3+3» համագործակցութեան ձեւաչափը մեծ ներդրում պիտի ունենայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար:
Չելիք նաեւ ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգները Թուրքիայէն պահանջեց դադրեցնել աջակցութիւնը Ատրպէյճանին՝ Ղարաբաղը ազատագրելու համար»: Ըստ անոր՝ Ուաշինկթըն վերոնշեալ ժամանակաշրջանին դրած է այս պահանջը՝ իբրեւ Թուրքիա F-16ներ ուղարկելու պայման:
Ասոր զուգահեռ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպման ընթացքին, Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր յայտարարեց հետեւեալը. «Մենք կը հաւատանք, որ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան ուղին կ՛անցնի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրով: Մենք նաեւ կը կարծենք, թէ տարածաշրջանային երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը պիտի արագացնէ կարգաւորման եւ խաղաղութեան գործընթացը: Թէեւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն, հանգստութիւն եւ համագործակցութիւն հաստատելու պատմական կարելիութիւն կայ, մենք կը նկատենք, որ Հայաստան չկրցաւ պատշաճ կերպով օգտագործել այս պատմական հնարաւորութիւնը: Միւս կողմէ, բոլոր հարթակներու վրայ, եւ ամէն կարելիութեան պարագային, Թուրքիա իր ամուր աջակցութիւնը կը յայտնէ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան: Այս պարունակին մէջ Թուրքիա չի ճանչնար Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ, այսպէս կոչուած, անկախութիւնը եւ կը փափաքի, որ այդ վէճերը լուծուին խաղաղ ուղիով՝ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան շրջանակներուն մէջ», ըսաւ Կիւլեր:
Ան Հայաստանին կոչ ուղղեց՝ օգտուելու տարածաշրջանային «3+3» հարթակէն՝ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար՝ դիտել տալով, որ Անգարա եւ Թիֆլիս կ՛աջակցին Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
Կիւլեր ընդգծեց, որ Անգարայի, Պաքուի եւ Թիֆլիսի փոխգործակցութիւնը ռազմավարական նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին համար, եւ կողմերը տրամադրուած են զարգացնելու եռակողմ յարաբերութիւնները:
Կիւլեր Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ: Անոնք հաստատեցին, որ «Ատրպէյճան-Թուրքիա յարաբերութիւնները հիմնուած են դաշնակցային յարաբերութիւններու վրայ՝ Շուշիի հռչակագիրին համաձայն: Նշուեցաւ երկկող յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ այս հռչակագիրին բացառիկ դերը: