25 Նոյեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւորութեան միջեւ ստորագրուեցաւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին արձանագրութիւն մը: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ստորագրութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ապու Տապիի մէջ՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Կարէն Գրիգորեանի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Սուլթան պըն Ապտալլա Անքարի կողմէ:
Երկու երկիրները հաստատեցին դիւանագիտական յարաբերութիւններ՝ առաջնորդուելով երկկողմ յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ համագործակցութեան ծիրը ընդլայնելու, միջազգային ապահովութեան եւ խաղաղութեան երաշխաւորման աջակցելու ձգտումով:
Դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման մասին փաստաթուղթը կ՛արձանագրէ երկու երկիրներու փափաքը՝ «ամրապնդելու արդիւնաւէտ համագործակցութեան կապերը քաղաքական, տնտեսական, ճարտարագիտական, զարգացման, առեւտուրի եւ մշակոյթի ոլորտներուն մէջ՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ ջերմ յարաբերութիւններու հաստատման երկուստեք ձգտումները իրականացնելու գծով»:
Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիա կը հրաժարէր Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել Արցախի հակամարտութեան պատճառով: Ռիատ յայտարարած էր, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի չհաստատէ այնքան ատեն որ «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ վերականգնած»: