«Թասս»ը հաղորդեց, թէ ՀԱՊԿի ընդհանուր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթով հաստատեց, որ Հայաստան եղած է եւ կը մնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան դաշնակիցը:
«Իմ կարծիքով, այս կացութենեան (ՀԱՊԿի վեհաժողովէն Հայաստանի բացակայութիւնը) կտրուկ եզրակացութիւններ կատարելը անիմաստ է, Հայաստան եղած է եւ կը մնայ մեր դաշնակիցը: Ասորմով, կը կարծեմ, ամէն ինչ ըսուած է: Որքանով ՀԱՊԿի քարտուղարութեան յայտնի է, հայկական պատուիրակութեան բացակայութեան պատճառները թեքնիք բնոյթ ունին: Ամէն պարագայի, ասիկա անկախ եւ գերիշխան պետութեան որոշումն է, որուն վրայ ոչ մէկ այլ պետութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ ազդել: ՀԱՊԿը կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը՝ իբրեւ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ«, յայտնեց ան:
23 Նոյեմբերին, Մինսքի մէջ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գագաթնաժողովը տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան լոյսին տակ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աւելի կանուխ մեղադրած էր ՀԱՊԿը՝ Մայիս 2021ին եւ Սեպտեմբեր 2022ին Պաքուի հետ բախումներու ընթացքին Երեւանին օգնութիւն չցուցաբերելուն համար: Երեւան խնդրեց ՀԱՊԿէն՝ օրակարգէ հանել երկրին օգնութեան հարցը, եւ Փաշինեան Մինսք չգնաց:
ՀԱՊԿի նախաձեռնութիւններուն չմասնակցեցան նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարները, նաեւ՝ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը: