
Նախորդ օրերուն, Կարմիր Խաչի աշխատակիցները դարձեալ այցելեցին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած հայերուն:
Այս մասին «Էյ.Փի.Էյ.»ին յայտնեցին Կարմիր Խաչի Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա:
Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն՝ ապօրինի պահուող հայերուն հետ անհատական հանդիպումներ եղած են եւ ստեղծուած են պայմաններ, որպէսզի անոնք կարենան կապ հաստատել իրենց ընտանիքներուն հետ։