Արցախահայութեան ֆիզիքական, հոգեբանական եւ տնտեսական վնասները մեղմելու նպատակով, անյապաղ օգնութեան եւ երկարաժամկէտ վերականգումի ջանքեր արդէն իսկ կը գործադրուին զանազան մակարդակներու վրայ: Ատրպէյճանի ռազմական յարձակումին պատճառով առաւել քան հարիւր հազար հայեր բռնի տեղահանուելով՝ դարձած են փախստական։
Աղէտին հետեւանքները կարելի եղածին չափ ամոքելու համար, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը մշակած է երեք մասերէ բաղկացած ռազմավարութիւն մը. ցուցաբերել հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն, իրականացնել մշակութային ժառանգութեան վերահսկում եւ կատարել Արցախի ժողովուրդին կրած կորուստներուն վերաբերեալ հետազօտութիւններ։
Հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւնը եւ ապրուստի միջոցներու վերականգնումը պիտի իրականացուի այս ոլորտներուն մէջ փորձառութիւն ունեցող երեք կազմակերպութիւններու կողմէ: Հիմնարկութիւնը նպաստներ պիտի յատկացնէ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամին (COAF), «Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամ»ին (Near East Foundation, NEF) եւ «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան, որպէսզի անոնք տեղւոյն վրայ փախստականներուն օգնութիւն ցուցաբերեն:
Դէմ դնելու համար Արցախի հայկական նիւթական ժառանգութեան ոչնչացումին եւ կեղծումին՝ հիմնարկութիւնը նաեւ պիտի օժանդակէ ժառանգութեան վերահսկումի աշխատանքներուն: Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու հիմնարկի (INALCO) հետազօտական խումբը Հայաստանի իր գործընկերներուն հետ պիտի պատրաստէ փորձագիտական փաստաթուղթեր՝ հայկական նիւթական ժառանգութիւնը համակարգուած ներկայացնելու համար: Նախագիծը պիտի ներառէ վտանգուած առաւել քան 2000 յուշարձաններ, ինչպէս հնագոյն եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր։
Հետազօտական աշխատանքը եւ ուսումնասիրութիւնները հիմնարկութեան գործունէութեան երրորդ ոլորտն են: Պատերազմին պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վերաբերեալ ընթացիկ վերլուծական հետազօտական նախագիծը պիտի շարունակուի եւ զարգանայ. անոր պիտի աւելնայ բանաւոր պատմութեան հետազօտութեան բաղադրիչը: Անոր նպատակն է՝ յիշողութեան փաստագրումի միջոցով արձանագրել կորուստները եւ գրանցել յիշողութիւնները, ներառեալ գիւղերու նկարագրութիւնները, տեղական նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակոյթը եւ ժառանգութիւնը, սովորոյթները եւ աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ Արցախի եզակի բարբառը:
Լոնտոնի Սուրբ Սարգիս բարեգործական հիմնադրամը նոյնպէս պիտի միանայ մեր աշխատանքին, նպաստ յատկացնելով հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն եւ ապրուստի միջոցները վերականգնող նախաձեռնութիւններ իրականացնող կազմակերպութիւններու: