ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լոռիի մարզի դատախազ Ալպերթ Ղազարեանի սպանութեան գործի բացայայտման համար Վանաձոր կը գտնուի Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան քննիչներու խումբը՝ գլխաւոր դատախազութեան քննչական վարչութեան պետ Անդրանիկ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ:
Այս մասին երէկ Ազգային ժողովին գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեան ըսաւ, թէ խումբին մաս կը կազմեն դատախազութեան լաւագոյն քննիչները: «Առաջ են քաշուած բոլոր հնարաւոր վարկածները, եւ բոլոր վարկածների ուղղութեամբ կատարւում է քննութիւն: Բոլոր վարկածները վերաբերում են Ա. Ղազարեանի մասնագիտական գործունէութեանը: Չունենք հիմքեր՝ կենցաղային կամ այլ հարցերի հետ կապուած վարկածներ առաջադրելու համար: Այդ իսկ պատճառով եւս մէկ անգամ մեծ պարտաւորութիւն ենք կրում այդ գործը բացայայտելու», ըսաւ Ա. Յովսէփեան:
Գլխաւոր դատախազը հաւաստիացուց, որ քննչական խումբը պատահական մարդիկ չի հարցաքններ. մինչեւ հարցաքննութեան կանչելը կը ստուգուի անոնց առնչութիւնը առաջ քաշուած վարկածներուն:
Ա. Յովսէփեան տեղեկացրեց նաեւ, որ ի յայտ եկած է նաեւ կեղծ վկայ մը, որ իբրեւ թէ ականատես եղած է սպանութեան: «Բնականաբար, քննչական խումբը խնդիր ունի պարզելու, թէ ով է ներդրել այդ վկային եւ ինչ նպատակով: Գործի բացայայտման ճանապարհը հեշտ չէ, բայց մենք կ’անցնենք այն», ըսաւ գլխաւոր դատախազը:
Յիշեցնենք, որ Ա. Ղազարեան սպաննուած էր Օգոստոս 25ին, աշխատանքէն տունդարձի ճամբուն: