ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Պարտուողական քաղաքականութիւնը ոմանց համար սովորութեան վերածուած է արդէն: Այս տեսակի մարդիկ երբ թեթեւ անհանգստութիւն մը զգան կը կարծեն, թէ մահուան դուռը հասած են. ուստի կը սկսին բողոքել իրենց շրջապատին, բոլորին դիմաց լալով իրենց սեւ բախտը:
Յուսահատութեան տեսակ մըն է ասիկա, որ շատ կանուխ կը յայտնուի ոմանց կեանքին մէջ: Այս տեսակի յուսահատութիւնը տարիք չի՛ ճանչնար եւ շատ կանուխ կրնայ յայտնուիլ:
Բոլորս ալ լաւ գիտենք, թէ ի՛նչ է «յոյս» կոչուածը. գիտենք, թէ անիկա այն երեւոյթն է մեր կեանքին մէջ, որ շատ ուշ կը հեռանայ մեզմէ: Ըսուած է, որ յոյսը մեզմէ կը բաժնուի այն ատեն միայն, երբ արդէն մեռած ենք: Ուրեմն, անիկա փաստօրէն մեզմէ աւելի կ՛ապրի: Ոմանց պարագային մտային հիւանդութիւնն է, որ պատճառ կը դառնայ անձնասպանութեան, երբ յոյսի բոլոր թելերը կտրուած կ՛ըլլան մարդու միտքէն եւ հոգիէն:
Կեանքի պայքարին մէջ, իր խոր արմատները նետած ծանօթ անձնաւորութիւն մը «պարտուած մարդ» կը կոչէր այն անձերը, որոնք կը յանդգնէին իր ներկայութեան ո՛չ միայն խօսիլ իրենց կրած ձախողութիւններուն մասին, այլեւ յուսահատութեամբ նայիլ ապագային: Անընդունելի կը գտնէր ան այսպիսի կեցուածք մը, եւ անվայել կը համարէր մարդ էակին, որ կենդանիներէն շատ աւելի գիտակից կամքի տէր գոյութիւն մըն է: Բազմաթիւ անգամներ նոյն պատին վրայ բարձրանալու փորձ կատարող եւ իր ատամներուն մէջ ցորենի հատիկ մը բռնած՝ վերջապէս յաջողութեան հասնող մրջիւնին օրինակը խօսք չուզեր, որ բնազդաբար իր նպատակակէտին կը հասնի:
Անյաջողութիւններ անպայման կ՛ըլլան մարդոց կեանքին ընթացքին, սակայն, անոնց բեռին տակ կքիլը եւ անոնցմէ ձերբազատելու ձեւ մը չգտնելը՝ իսկապէս յիմարութիւն է: Ամէն ինչ իր լուծման ժամանակը եւ մանաւանդ ձեւը ունի, կ՛ըսեն փորձառու մարդիկ:
Պարտուած ըլլալու զգացումը պէտք է տեւէ այնքան, որ նոր յաղթանակի մը սկիզբը դրուի. այլապէս անիկա իսկական պարտութիւն մըն է: Յաղթանակով յաջորդուած պարտութիւնը յաջողութեան հիմնաքարն է: Ուրեմն, պարտութիւնը երբ միայն ժամանակաւոր է ուսուցողական բնոյթ ունի, այսինքն՝ շինիչ է: Վա՜յ այն մարդուն, որ պարտուելէ ետք ժամավաճառ կը դառնայ իր սեւ բախտը լալով, ու անոր մասին ողբ հիւսելով:
Կեանքի ընթացքին, ժամանակը անբաւարար կը թուի, որ մարդ կարենայ սորվիլ, թէ որքան կարեւոր է խստօրէն ծրագրուած ապրելակերպ ունենալը: Ոմանք գերմանացի ազգի զաւակները կը մեղադրեն շա՛տ ծրագրուած կեանքով ապրելնուն համար. ոճ՝ զոր իրենց նախնիներէն ժառանգած են: Այս գաղափարով տարուած մարդիկ նոյնիսկ կ՛ըսեն, որ շատ ծրագրուած մարդոց ապրելակերպը անձնասիրութեան համազօր է, որովհետեւ անոնք ընկերային կեանքէն հեռու կը մնան, պարզապէս իրենց գործին յաջողութիւնը հետապնդելով: Նման մտածողութեան տէր անձեր չեն անդրադառնար յաճախ, որ ծրագրուած կեանքով ապրող մարդիկ ամէն ինչ իր ժամանակին կը սիրեն կատարել: Անոնք կեանքի սովորական հաճոյքները չեն փոխանակեր իրենց համար մնայուն արժէք ներկայացնող գործերու հետ, որոնք բանալիներն են իրենց յաջողութեան: Սակայն, մարդ ինչպէ՞ս կրնայ հասնիլ իր նպատակին, երբ առօրեայ զբաղումներու անձնատուր կր դառնայ, իրեն ուղղուած բոլոր հրաւէրները կ՛ընդունի, եւ նախապէս իր ծրագրած աշխատանքները կը զոհէ: Ան վերջապէս կ՛անդրադառնայ, որ ինչ որ ամէնօրեայ ժամավաճառութեամբ իր կեանքը սպառեր է:
Անձնասիրութիւնը, որ ընդհանրապէս ժխական գոյներով կը ներկայանայ բոլորիս միտքին, ծրագրուած գործի յաջողութեան համար եթէ կիրառուի՝ իր յառաջ բերած դրական արդիւնքով անպայման կ՛արդարանայ:
Յոյսը կորսնցնելը բացարձակապէս արգիլուած է այն անձերուն համար, որոնք պատասխանատուութիւն ունին: Այսպէս՝ ծնողներ, որոնք իրենց զաւակները ծնելէ բացի անոնց կեանքը ապահովելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուին՝ իրաւունք չունին յուսահատելու: Ծնողներուն համար ամէնօրեայ սնունդն է յոյսը, որմով նաեւ պէտք է սնուցանեն իր զաւակները: Ծնողներուն յոյս ունենալը բաւարար չէ՛, այլ՝ նոյն յոյսը անոնք պէտք է յաջողին հաղորդել իրենց զաւակներուն:
Մարդիկ թող քեզ յիմար, անխելք, արկածախնդիր եւ այլ ածականներ տան. կարեւոր չէ: Նման արտայայտութիւններ քեզ երբեք պէտք չէ՛ հեռացնեն նպատակէդ: Հաւատա՛, որ բոլոր բարի ծրագիրներդ կրնաս իրականութիւն դարձնել… եթէ ուզես:
Նպատակասլաց ճամբուդ ընթացքին շա՜տ արգելքներու կրնաս հանդիպիլ: Քեզ չսիրող եւ նոյնիսկ քեզի նախաձող մարդիկ կրնան բազմաթիւ խոչընդոտներ յարուցել, սակայն հզօր կամքդ բոլոր արգելքները տապալելու կարողութեամբ օժտուած զգացում է ներսիդիդ, որուն ուժը սիրտիդ բռունցքին մէջ ամփոփուած կայ:
Վերոյիշեալ մտածումները մեզի կը յանգեցնեն գլխաւոր գաղափարին, որ չյանձնուելու հրամայականն է այս կեանքին ընթացքին: Պարտուողականութեան տրուած այլ անուն մըն է ասիկա՝ յանձնուիլ. բայց ինչո՞ւ. այսքա՞ն տկար ես: Նայէ՛ մայթին վրայ ցնցոտիներով պատուած գարշահոտ մուրացիկին, որուն աչքերէն յոյս կը ճառագայթէ ամէն անգամ, երբ անցորդ մը իր քովէն անցնի. իսկ դո՞ւն, որ անցորդն իսկ ես, անոր յոյսի հաւանական աղբիւրներէն մէկը…։ Դուն եթէ մուրացիկին համար պատահական անցորդն ես, քու կեանքին ընթացքին Աստուծոյ ափին մէջ խաղաղ ապրող անձ մըն ես՝ լի ամենայն բարութեամբ եւ ապագայի մեծ յոյսերով…
Դիտէ՛ միոտանի եւ ձեռքերէ զուրկ անձ մը, որ ի՜նչ աշխատանքներ կը կատարէ իր մէկ ոտքով, որմով կը փակէ ձեռքերէ զրկուած ըլլալու իր դժբախտութիւնը. իսկ դո՞ւն, որ երկու ձեռք եւ երկու ոտք ունիս… ինչո՞ւ յանձնուիս:
Մարդկային կեանքին մէջ յանձնուիլը երկու ձեւով տեղի կ՛ունենայ. առաջինը, որ բոլորիս ծանօթ ձեւն է, յուսահատութեամբ ի յայտ եկող տեսակն է անոր եւ որուն մասին լայնօրէն անդրադարձանք: Կայ նաեւ երկրորդ տեսակը, զոր փոխելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունինք՝ մահն է: Մահանալով կը յանձնուիս անորոշութեան: Աստուածային կամքին հակառակ չես կրնար ընթանալ. ուրեմն, մահուան կը յանձնուիս անկախ կամքէդ: Նման կացութեան մէջ ո՛չ մէկ ուժ ունիս փոփոխութիւն բերելու կամ ետդարձ իրականացնելու: Այս պարագային, մեռնիլ բառացիօրէն կը նշանակէ յանձնուիլ…։
Կեանքիդ մէջ յանձնուած կամ պարտուած ըլլալու երեւոյթէն տարբեր, մահով յանձնուիլդ յանցանք մը չէ: Կեանքին ընթացքին յանձնուած ըլլալդ յանցանք է, այո՛, որովհետեւ անձնատուր եղած ես, երբ կրնաս փոփոխութիւն յառաջ բերել. սակայն մահուամբ իրականացող յանձնումը կամքէ անկախ կը կատարուի, երբեմն Աստուծոյ կամքով, եւ երբեմն դժբախտաբար հիւանդութեան, արկածի կամ ոճիրի պատճառով:
Այս կեանքինÿ ընթացքին պատահականութեան չյանձնուիլը մեծ մասամբ քեզմէ կախեալ է, իսկ միւս կեանքին մէջ՝ ձեռքդ չէ արդէն…։