

30 Նոյեմբերին, Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան հիմնարկին մէջ, հաստատութեան տեսուչ, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Տավիտ Նազարի, Հռոմի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեանի, Քրիստոնեաներու միութեան խթանման վերատեսչութեան ներկայացուցիչ հայր Տեսթեվիլի եւ Արեւելեան եկեղեցիներու վերատեսչութեան ղեկավար կարդինալ Գլաուտիօ Կուճերոթիի ողջոյնի խօսքերով բացումը կատարուեցաւ «Շնորհքներու լիութիւն, մարդկութեան տիպար. սուրբ Ներսէս Շնորհալի հազարամեակներու խաչմերուկին» խորագիրով գիտաժողովին:
Գիտական այս հաւաքը մաս կը կազմէր հայոց մեծ հայրապետ սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850ամեակին առիթով նախատեսուած ձեռնարկներուն, սակայն անոնք ջնջուեցան 19 Սեպտեմբեր 2023 էն ետք, Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին պատճառով:
Շնորհալի հայրապետին նուիրուած միջազգային այս գիտաժողովը համախմբեց տարբեր ծագում ունեցող առաջատար գիտնականներ եւ եկեղեցականներ, որոնք երկու օրուան քննարկումներու ընթացքին անդրադարձան Ս. Ներսէս Շնորհալիի բազմաշերտ ժառանգութեան:
Գիտաժողովին մասնակցեցան միջազգային գետնի վրայ ճանաչում գտած գիտնականներ եւ փորձագէտներ, որոնց կարգին յիշենք՝ կարդինալ Գլաուտիօ Կուճերոթի, Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Պօղոս Լեւոն արք. Զեքիեան, Դանիէլ եպս. Ֆինդիկեան, Շահէ Անանեան, Վահան Տէր Ղեւոնդեան, Ազատ Պոզոյեան, Աբրահամ Տէրեան, հայր Ռիքքարտօ Փանէ, Զարուհի Պօղոսեանը, Մարքօ Պայս, Վալենթինա Քալցոլարի, Սերճօ լա Փորթա։
Նշենք, թէ Վատիկան եւս ուզեց յիշատակել սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850ամեակը՝ անոր նուիրելով յատուկ դրոշմաթուղթ մը, որ լոյս ընծայուեցաւ 21 Սեպտեմբեր 2023ին, զուգադիպութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան տօնին:
Դրոշմաթուղթը ներկայացնող գրութեան մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք. «Պատկանելով նշանաւոր իշխաններու եւ հայ ականաւոր եկեղեցականներու ընտանիքին, Ներսէս Շնորհալի եղած է վանական, եպիսկոպոս եւ վերջապէս կաթողիկոս՝ որ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան գերագոյն արժանապատւութիւնն է: Ժամանակակիցները անոր տուած են «Շնորհալի» կամ «շնորհքով լի» մականունը՝ անոր սրբութեան եւ խոնարհ բարեսիրութեան պարգեւներուն համար, որոնք բեղմնաւորեցին անոր կեանքը եւ գործերը: Շնորհալի եղաւ աստուածաբան եւ ինքնատիպ հոգեւոր հեղինակ, իր եկեղեցւոյ վարդապետութեան իրազեկագիտութեամբ եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն ամբողջական նուիրումով»:


ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՅՍ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ
Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Պսակ վրդ. Թէփիրճեան մասնակցեցան Ս. Ներսէս Շնորհալի վախճանման 850ամեակին առթիւ տեղի ունեցած վերոնշեալ գիտաժողովին:
Նարեկ սրբազանը կարդաց Անուշաւան արք. Դանիէլեանի (առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց թեմի) «Ս. Ներսէս Շնորհալիի Աստուածաբանութիւնը եւ Միջ-եկեղեցական գործը» խորագիրը կրող զեկուցումը, ապա իր կողմէ ներկայացուց Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան օրերուն Անթիլիասի միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններուն լայն շրջագիծը: