ՆԱԵՒ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԵՑԱՆ ՌՈՒԲԷՆ ՄԱՄՈՒԼԵԱՆԷՆ ՀԻՆԳ ՖԻԼՄԵՐ
Թիֆլիսի մէջ, 26 Նոյեմբերէն 3 Դեկտեմբեր տեղի ունեցաւ Շարժապատկերի 24րդ միջազգային փառատօնը եւ այս առթիւ նշուեցաւ նաեւ հայկական շարժապատկերի 100ամեակը: Ցուցադրութեան համար ընտրուած էին հայկական տասը ֆիլմեր, կէսը՝ դասական, կէսը՝ ժամանակակից: Հայաստանէն հրաւիրուած էր պատուիրակութիւն մը՝ Շուշանիկ Միրզախանեանի գլխաւորութեամբ:
Վրաստանի կողմէ դրական նախաձեռնութիւն էր հայկական շարժապատկերի 100ամեակին անդրադարձը, թէեւ 10 շարժապատկերներով կարելի չէր հայկական ֆիլմարուեստի զարգացման ամբողջական պատկերը ունենալ: Քանակի սահմանափակումը կը դժուարացնէ նաեւ շարժապատկերներու ընտրութիւնը 100ամեակ ներկայացնելու համար: Այս առումով, պատմական շրջանէն կատարուած ընտրութիւնը Հայաստանի ֆիլմարուեստի կեդրոնի վերականգնած՝ Համօ Բեկնազարեանի երկու շարժապատկերներն էին՝ «Տունը Հրաբխի Վրայ» (1928) եւ «Երկիր Նայիրի» (1930), երկուքն ալ սովետական գովերգութեան ֆիլմեր: Մնացեալ չորսը դասական դարձած շարժապատկերներ՝ «Առաջին Սիրոյ Երգը» (1958 – Լաերտ Վաղարշեան եւ Եուրի Երզնկեան), «Բարեւ Ես Եմ» (1965 – Ֆրունզէ Դովլաթեան), «Մենք Ենք Մեր Սարերը» (1969 – Հենրիկ Մալեան), «Մեր Մանկութեան Թանկօն» (1984 – Ալբերտ Մկրտչեան): Նոր շրջանէն՝ ցուցադրուեցաւ Միքայէլ Կիւրճեանի «Ամերիկացին» (2022), որ թէեւ Երեւանի Ոսկէ Ծիրան փառատօնի 2022ի մրցանակակիր եղած է, սակայն, շատ անհաւասարակշիռ է իր կաղապարուած խաղարկութեան եւ կարգ մը տեսարաններու անհաւաստիութեան բերումով: Ցուցադրուեցան նաեւ Յարութիւն Խաչատրեանի եւ Արամ Շահպազեանի ֆիլմերը:


Առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ նաեւ Ռուբէն Մամուլեանի հինգ ֆիլմերուն ցուցադրութիւնը՝ Applause (1929), Blood and sand (1941), Mark of Zorro (1940), Love me tonight (1932), Silk Stockings (1957): Աշխարհահռչակ բեմադրիչին այս ֆիլմերը ներկայացնելու համար, Փարիզէն յատկապէս հրաւիրուած էր շարժապատկերի մասնագէտ եւ թատերագէտ Արբի Յովհաննիսեան:
Ռուբէն Մամուլեան ծնած է 1897ին, Թիֆլիս, եւ այս առումով թիֆլիսցիներուն համար յայտնաբերում մըն էր, որովհետեւ ան անծանօթ մնացած է տեղացիներուն, որոնք պահանջը ունին արժեւորելու եւ մեծարելու Թիֆլիս ծնած բոլոր հանրածանօթ արուեստագէտները:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»