
Շաբաթ, 2 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Տիթրոյիթի Հայ կեդրոնին մէջ, տեղւոյն ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ ՀՅԴի 133ամեակի տօնակատարութիւնը։
Հանդիսութեան բացումը կատարեցին ՀՄԸՄի սկաուտները՝ դրօշակի արարողութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Միացեալ Նահանգներու օրհներգներու կատարումով։
Հանդիսավարուհի Ժէմմա Տաուլէ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգելու հայրենիքի բագինին իրենց կեանքը զոհաբերած մեր հին եւ նոր հերոսներու անմար յիշատակը։ Օրուան խորհուրդին անդրադառնալով՝ ան նշեց, թէ 133ամեայ բեղուն գործունէութեամբ ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ ծառայող ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր եւս պատնէշի վրայ է ամէնուրեք։ Բազմաթիւ են մարտահրաւէրները եւ բազմաշերտ են մարտադաշտերը՝ Սփիւռք եւ հայրենիք, հայապահպանում եւ հայրենապահպանում, Հայ Դատ եւ պետականաշինութիւն, դաշնակցականամիտ-պահանջատէր սերունդներու դաստիարակում եւ բանակաշինութիւն։
ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց կոմիտէի ատենապետ Սեպուհ Հացագործեան, որ նշեց թէ ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրուած եւ աւանդութիւն դարձած ոգեկոչման այս հանդիսութիւնը տեղի կ՛ունենայ մեր պատմութեան օրհասական մէկ հանգրուանին, երբ դաւաճանուած եւ հայաթափուած է հայրենի Արցախը, հայրենազուրկ եւ տնազուրկ դարձած են առաւել քան 100 հազար արցախցիներ:
Այնուհետեւ ան բեմ հրաւիրեց հանդիսութեան պատգամախօսը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը, որ ընդգծեց, թէ դժբախտաբար տօնական տրամադրութեամբ չէ որ կը նշենք մեր կուսակցութեան 133ամեակը, որովհետեւ կ՛ապրինք աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններու, հայրենի հողին ու ժողովուրդին տէր կանգնելու անատակ հայրենի ղեկավարութեան եւ բիւրաւոր նահատակներու արեան գնով ազատագրուած մեր պատմական հայրենիքի անբաժան մասնիկը հանդիսացող Արցախ հողակտորի կորուստի կոտտացող ցաւին մէջ:
Բանանախօսը լուսարձակի տակ առաւ այս ոդիսականին տուն տուող նախադրեալները, հանգամանալից վերլուծման ենթարկեց տիրող իրավիճակը եւ եօթը կէտերու մէջ ուրուագծեց պահանջատէր հայու մեր երթուղին։ Հայրենիքի մէջ թէ հայրենիքէն դուրս իւրաքանչիւրս իր լուման ունի նուիրաբերելիք մեր գոյապայքարին։ Արցախահայութեան բռնի տեղահանումը համարժէք է ցեղասպանութեան եզրին, հետեւաբար տունդարձի իրաւունքի արծարծումը միջազգային ատեաններու մէջ սփիւռքահայու պահանջատիրութեան առանցքը պէտք է դարձնել։ Իսկ հայրենիքի մէջ, թուրք-ատրպէճանական ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը ամլացնելու համար առաջնահերթութիւն է Սիւնիքի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը։
Պատգամաբերը խօսքը եզրափակեց հետեւեալ պատգամով. «Ազգովին կը գտնուինք ճգնաժամային եւ տագնապալի կացութեան մը առջեւ։ Մեզմէ իւրաքանչիւրէն կը պահանջուի ո՛չ թէ եռապատիկ, այլ տասնապատիկ ճիգ եւ ներդրում։ Ազգային ուժերէն կը պահանջուի համախմբուած եւ համակարգուած աշխատանք, մէկ կողմ դնելով ամէն տեսակի տարակարծութիւններ եւ հաշուենկատութիւններ։ Այս է մեր «Յարատեւ պայքար»ի լօզունգը»։
Այնուհետեւ հոգեւոր հայրեր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան եւ պատուելի Յակոբ Յարութիւնեան փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը եւ օրհնեցին ճաշասեղանը։
Ընթրիքի դադարէն ետք, հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրով մը. Նաթալի Մանուկեան կարդաց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատին» բանաստեղծութիւնը։
Տասնամեակէ մը ի վեր «Ազատամարտ» կոմիտէի յղացումով՝ ՀՅԴ օրուան տօնակատարութեան ընթացքին տեղի կ՛ունենան երեք պարգեւատրումներ։ Առաջին պարգեւատրումը ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէութեան շարքերուն ծառայած եւ իր դաշնակցականամէտ վարքով ու գործունէութեամբ օրինակելի ընկերոջ մը յիշատակին կը նուիրուի։ Այս տարուան պարգեւատրեալը վաղամեռիկ ընկեր Մանուկ Առաքելեանն էր։ Սեպուհ Համագործեանի ձեռամբ պարգեւը ստանձնեց վաղամեռիկ ընկերոջ եղբօրորդին, որ երախտագիտական խօսքով դիմեց պարգեւատուներուն։
Երկրորդ՝ «Համակիր»ի պարգեւին կ՛արժանանայ համայնքին մէջ հայապահպանման եւ հայակերտման հայրենանուէր գործունէութիւն ծաւալած քոյր միութեան անդամուհի մը։ Այս տարուան պարգեւին արժանացաւ ՀՕՄուհի Սիւզի Մարտոյեան։
Երրորդ՝ Երիտասարդական պարգեւը կը ձօնուի սփիւռքեան հայակուլ գլանին դիմակայելու պատրաստակամութիւն ունեցող այսօրուան նորընծայ սպասարկուներուն, որոնք երաշխաւորներն են մեր անխափան երթին եւ որոնց ուսերուն կը ծանրանայ բեռը մեր գոյապայքարին։ Այս տարուան պարգեւին արժանացաւ Լոռի Փիլիպոսեան։
Ծովինար Հացագործեան եւ Լոռի Փիլիպոսեան սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցին «Արցախի բարեկամներ»ուն եւ «Արցախ հիմնադրամ»ին միջոցով ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէութեան կատարած օժանդակութիւնները։ Ներկաներուն փոխանցուեցաւ նաեւ Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն օժանդակութեան ծրագիրի մանրամասնութիւնները։
Տեղին է յիշել, որ հանդիսութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի արցախահայութեան։ Այս նպատակով դրամահաւաքի համար պատրաստուած էր նաեւ աճուրդի իրերու սեղան մը, ինչպէս նաեւ ծախու իրերու (եռագոյն վզկապ, Արցախի Տատիկ-Պապիկով շապիկներ, եւ այլն) սեղան մը։
Այնուհետեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանի, ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Ճորճի Օշականի եւ Մարալ Ապրահամեանի, ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի եւ ընկերական կազմի ներկայութեամբ հատուեցաւ ՀՅԴի 133ամեակի կարկանդակը, որուն յաջորդեց օրհներգին՝ «Մշակ Բանուոր»ի երգեցողութիւնը։
Հանդիսութեան աւարտին, հայրենասիրական եւ արցախեան բարբառի երգացանկով մը բեմ բարձրացաւ Հադրուտցի երիտասարդ երգիչ Արթուր Խաչենց, որ տպաւորեց ներկաները իր հրաշալի մատուցումով։
Խումբ մը պատանիներու «Սարդարապատ» խմբերգով հանդիսութիւնը վերջ գտաւ։