
ՀԱՐԻ ՄԵԼԻՔ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 22 Հոկտեմբեր 1956ին, Պարսկաստան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ զաւակին, ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին՝ Հարի Մելիք Աբրահամեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2023ին, սրտի կաթուածի հետեւանքով։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023ին, Լոնտոնի Gunnersbury գերեզմանատան մէջ, Անգլիա։
Հանգուցեալի մահուան առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023ին, կէսօրուան ժամը 12ին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 500 S. Central Ave.։
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուի եկեղեցւոյ մէջ։
Սգակիրներ՝
Մայրը՝ Էմմա Մելիք Աբրահամեան
Կինը՝ Ռուբինա Մելիք Աբրահամեան (Լոնտոն)
Զաւակները՝ Անթընի եւ Սթեֆընի Մելիք Աբրահամեան (Լոնտոն)
Եղբայրը՝ Թերի եւ Անիթա Մելիք Աբրահամեան եւ զաւակները՝ Ալեքս եւ Նիքոլ
Քոյրը՝ Նանազ Մելիք Աբրահամեան (Լոնտոն)
Թելմա եւ Շահիկ Խաչատրեան
Եւ համայն Մելիք Աբրահամեան, Իսախանեան, Զարիֆեան, Մովսէսեան, Գալուստեան (Լոնտոն), Թարխանեան-Պօղոսեան եւ Ղազարեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները