13 Դեկտեմբերին, Հայաստան վերադարձուած ռազմագերիները 14 Դեկտեմբերին կանչուեցան հարցաքննութեան՝ տարբեր քրէական գործերու ծիրին մէջ: Այս մասին «Ազատութեան» յայտնեց Քննչական կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան:
Անոնց մեծ մասը՝ 26ը, գերի տարուած էր 44օրեայ պատերազմէն ամիս մը ետք՝ Արցախի Խծաբերդի դիրքերէն:
«Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, անոնց ծնողները եւս հաստատեցին, որ 14 Դեկտեմբերի առաւօտեան տղաները Երեւան եկած են հարցաքննութեան:
Թէ որքան կը տեւէ այս գործընթացը, տակաւին յստակ չէ: Նախկին ռազմագերիները տուժողի կարգավիճակ ունին:
Ասոր զուգահեռ, «Մուրացան» զինուորական հիւանդանոցին մէջ կատարուեցան ազատ արձակուած 32 գերիներու նախնական բժշկական հետազօտութիւնը եւ համապատասխան քննութիւնները: Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, այս մասին յայտնեց առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան:
«Տեղեակ էք՝ իրականացուել է նախնական հետազօտութիւն եւ բուժզննում: Այս պահին քաղաքացիական բժշկական կենտրոններ տեղափոխուած անձինք չկան, դրա կարիքը չի եղել: Նրանց բոլոր կարիքները գնահատուել են եւ անհրաժեշտ հետազօտութիւնները իրականացուել են «Մուրացան» հոսպիտալում (հիւանդանոցին մէջ)», ըսաւ ան:
Աւելի ուշ Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Բաղդասարեան, պատասխանելով այն հարցումին, որ բժշկական քննութենէն ետք ի՞նչ պիտի ընեն տղաքը՝ ըսաւ, որ անոնք պիտի վերադառնան իրենց ընտանիքներուն: «Հայաստան վերադարձած 32 զինծառայողներն այս պահին անցնում են բուժզննում, որի աւարտից յետոյ իրենց տուն եւ ընտանիքների մօտ կը վերադառնան այն զինծառայողները, որոնք ստացիոնար (կայուն) բուժման կարիք չեն ունենայ», ըսաւ Բաղդասարեան: