
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը 2016ի Յունիս 11ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, պատուոյ յուշատախտակ մը յանձնեց իր երկարամեայ աշխատակից Նուպար Տեմիրճեանին, շրջանի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութեան կողմէ կազմակերպուած Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւն ընթացքին:
Յուշատախտակին վրայ արձանագրուած էր հետեւեալ գրութիւնը.
«ԱՍՊԱՐԷԶ» ՕՐԱԹԵՐԹԸ
Առ ի գնահատանք իր հանրային բազմամեայ, բեղուն ծառայութեան,
Առ ի երախտագիտութիւն համայնքային կեանքը եւ մասնաւորապէս Սան Ֆրանսիսքոյի ազգային, մշակութային, մարզական ու եկեղեցական իրադարձութիւնները «Ասպարէզ»ի էջերէն լուսաբանելու հետեւողական ու որակաւոր իր աշխատանքին,
Առ ի նշանաւորում իր ծննդեան 80րդ տարեդարձին,
ԿԸ ՊԱՏՈՒԷ
ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԸ
ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԱՅՍ ՅԱՏՈՒԿ ՅՈՒՇԱՏԱԽՏԱԿՈՎ
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Յունիս 11, 2016
Ստորեւ կը ներկայացնենք վերջին երկու տասնամեակներու տարեգիրը ըլլալու պատիւին արժանի մեր աշխատակիցին հակիրճ կենսագրութիւնը՝ որոշ չափով խմբագրելով ընտանիքին համար իր պատրաստած ինքնակենսագրութիւնը:
ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ ԿԵՆՍԱԳՐԱԿԱՆ ԳԻԾԵՐԸ
Չորս զաւակներու կրտսերը բնիկ սիսեցի Վարդավառ եւ Շահզատէ Տեմիրճեաններու: Ծնած է 1936ին, Ալեքսանտրէթ, Թուրքիա: 1939ին, Ալեքսանտրէթի սանճաքի պարպումին, ֆրանսացիներուն՝ շրջանէն քաշուելուն պատճառաւ, ֆրանսական կառավարութիւնը առիթ տուած է շրջանի հայութեան փոխադրուելու Սուրիա, Լիբանան, Յունաստան կամ Ֆրանսա: Նուպարի ծնողները նախընտրած են Լիբանանը: 1939ին Տեմիրճեանները հաստատուած են Լիբանան, Պուրճ Համուտ, Նոր Սիս թաղամասը:
Չորս տարեկանին սկսած է յաճախելու Նոր Սիս թաղի Մ. Ազիրեան մանկապարտէզը, ապա՝ Նոր Սիս թաղի Ազգ. Լուսինեան երկսեռ վարժարանը: Կանոնաւորապէս մասնակցած է Նոր Սիս թաղի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասին:
Ուսումը շարունակել ուզած է, սակայն ընտանիքին նիւթական ծանր վիճակը չէ թոյլատրած այդ փափաքը իրականացնել: Յամենայնդէպս, հետեւած է Քեսապի ուսումնասիրած միութեան հայերէնի գիշերային դասընթացքներուն՝ երկու տարի:
Պատանի տարիքէն մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ազգային ու կուսակցական պատմութիւններուն հանդէպ, այդ իսկ պատճառաւ կարդացած է բազմաթիւ գիրքեր ու վէպեր, եղած է մոլի ընթերցող, «Ազդակ» օրաթերթի հաւատարիմ ընթերցող. ամէն օր թերթը կը կարդար ծայրէ ծայր:
25 տարի շարունակաբար մասնակցած է Գէորգ Գանտահարեանի «Կոմիտաս» երգչախումբին:
15 տարեկանին սկսած է հետեւելու լուսանկարչութեան արհեստին, կամ՝ արուեստին, աշակերտելով զանազան լուսանկարչատուներու եւ աշխատելով զանազան վարպետներու հսկողութեան տակ:
23 տարեկանին արդէն իսկ ունեցած է իր անձնական լուսանկարչատունը՝ Photo Oscar անուան տակ։
1964ին ամուսնացած է Եսթեր Ատուրեանին հետ ու բախտաւորուած է 2 զաւակներով. դուստրը՝ Անին եւ որդին՝ Վարդանը:
1971ին հաստատուած է Սան Ֆրանսիսքօ, 5 տարի աշխատած է լուսանկարչական Faulkner Color Lab անունով համբաւաւոր ընկերութեան մէջ: Ապա՝ 1976ին, 4 չինացի ու 1 հայ ընկերներու հետ նախաձեռնած է անձնական գործի՝ ընկերութիւնը կոչելով «Color 2000»: 1982ին համերաշխաբար բաժնուելով ընկերներէն՝ սկսած է իր անձնական գործին՝ վերականգնելով Oscars Photo Lab անունը: 75 տարեկանին հանգստեան կոչուած է:
ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ
ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն միացած է 18 տարեկանին, Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասի «Քրիստափոր» կոմիտէութեան մէջ, կնքահայրութեամբ Կարօ Սասունիի:
1971ին, փոխադրուելով Սան Ֆրանսիսքօ՝ միացած է տեղւոյն այդ օրերու «Ռոստոմ» կոմիտէութեան: Մէկէ աւելի անգամներ կոմիտէութեան անունը փոխուելով՝ այժմ կը կոչուի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէութիւն: Նուպար քանիցս եղած է կոմիտէի անդամ, ներկայացուցիչ-հերթապահ, ատենադպիր, եւ յաճախ մասնակցութիւն բերած է Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅ Դաշնակցութեան Շրջանային ժողովներուն:
ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ ՀԵՏ
Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծուխի անդամ եղած ու ստանձնած է զանազան վարչական պաշտօններ՝ հոգաբարձու, ազգային երեսփոխան… Ութ տարի եղած է թեմի Ազգային վարչութեան անդամ: Հինգ անգամ ընտրուած է պատգամաւոր՝ մասնակցելու Կիլիկիոյ թեմի ընդհանուր ժողովներուն Անթիլիասի մէջ, Լիբանան: Առաջին անգամ իբրեւ պատգամաւոր մասնակցած է Արամ Ա. հայրապետի կաթողիկոսական ընտրութեան եւ ներկայ եղած օծումին (1995):
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
1974ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, կարգ մը մշակութասէր ընկերներու եւ բարեկամներու հետ հիմը դրած է Համազգային Մշակութային Միութեան «Աղբալեան» մասնաճիւղին, ուր դարձեալ վարած է վարչական պաշտօններ՝ քանի մը անգամ ստանձնելով միութեան ատենապետութիւնը:
«ԱՍՊԱՐԷԶ»
«Ասպարէզ»ի աշխատակցութեան վերաբերեալ կը մէջբերենք իր սեփական վկայութիւնը՝ հարազատօրէն.
«Կեանքիս ընթացքին, 2004ը հիմնական անկիւնադարձային փոփոխութիւններէն մէկը եղած է ինծի համար՝ գործնական մասնակցութիւնս բերելով «Ասպարէզ» օրաթերթին:
ՀՅ Դաշնակցութեան տօնակատարութիւնն էր, Կիրակի, 15 Փետրուար 2004. օրուան պատգամաբերն էր մօտիկ ընկերներէս՝ «Ասպարէզ»ի նախկին խմբագիր Վաչէ Բրուտեան: Հանդիսութեան ընթացքին, մեր մտերմութիւնը օգտագործելով՝ ես նստայ ճիշդ իրեն քով, առաջին կարգի վրայ, մտածելով նաեւ, որ ընկերոջս քանի մը լաւ լուսանկարներ առնեմ՝ վկայելու համար արհեստավարժ լուսանկարիչ ըլլալս: Իր ելոյթին աւարտին, բնականաբար, եկաւ ու իր տեղը նստաւ. անդրադարձայ, որ գրպանս բաներ մը կը դնէ. կամացուկ մը հանեցի գրպանէս ու նայեցայ, թէ ի՛նչ է. տեսայ, որ իր ելոյթի նոթերն էին. կամացուկ մը հարցուցի, թէ ի՞նչ են ասոնք, ըսաւ՝ վերջը կը խօսինք:
Ձեռնարկի աւարտին Բրուտեան հրահանգի մը ձեւով ըսաւ. «Այս ձեռնարկին թղթակցութիւնը դուն պիտի ընես»:
Ի՞նչ պիտի պատասխանեմ՝ շուարած էի: Քիչ մը մտածելէ ետք ըսի. «Ընկ. Վաչէ, լո՞ւրջ կը խօսիս. ես այդպիսի բան երբե՛ք չեմ ըրած, իմ գլուխս փորձանքի մի դներ, կը մերժեմ»: Անուշ ժպիտով մը ան պատասխանեց. «Ասկէ առաջ քանի մը գրութիւններ ղրկած ես ինծի, շատ լաւ էին, դուն փորձէ, այս մէկը լա՛ւ փորձառութիւն կ՛ըլլայ»: Քանի մը մերժումի փորձերէ ետք ստիպուած եղայ կէս մը ընդունելու՝ ըսելով. «Ընկեր ջան, կը փորձեմ միայն սկիզբի բաժինի նկարագրականները ընել եւ լուսանկարները տրամադրել, քու բաժինդ դուն կ՛ընես. կարճ կտրուկ»։ Այդպէս ալ եղաւ առաջին թղթակցութիւնը: Բայց երբեք չէի կրնար երեւակայել, որ յետագային գլխուս ի՛նչ պիտի գար: Կամաց-կամաց հարցը զարգացաւ ու տակաւի մինչեւ օրս կը շարունակուի:
70 տարեկանիս համակարգիչի վրայ հայերէն գրելու տաժանքը յաղթահարած եմ ու հաւատարմօրէն շարունակած Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքի տարեգիրի իմ առաքելութիւնը: Նախընտրած նիւթերս եղած են գաղութի ձեռնարկներու թղթակցութիւնները՝ անոնց լուսանկարներուն պատրաստութեամբ, նաեւ՝ Սան Ֆրանսիսքոյի ու Ծովածոցի աչքառու ու մասնագիտութեանց տէր անձերու հետ հարցազրոյցներ: Յաճախ գրած եմ Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի հայկական պատմական նիւթերու մասին, նկատի ունենալով, որ շուրջ հարիւր տարուան պատմական անցեալ ունի այս գաղութը ու լեցուն է պատմական նիւթերով:
2016 տարին ծննդեանս 80րդ ամեակն է:
2016 տարին ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը մտնելուս 62րդ ամեակն է:
2016 տարին «Ասպարէզ» օրաթերթին աշխատակցելուս 12րդ ամեակն է»։