Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը Չորեքշաբթի օր հաստատեց, որ 11 Դեկտեմբերին, բռնագրաւեալ Արցախի մէջ, արկածի մը պատճառով զինուոր մը մահացած է:
Խաղաղապահներու առաքելութեան վերաբերեալ ամէնօրեայ տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին պատկանող զրահապատ մեքենայ մը լեռնային ճամբայէն դուրս գալուն պատճառով, մէկ զոհէն բացի, երկու ռուս զինուորներ միջին եւ ծանր ծանրութեամբ վիրաւորուած են:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ 12 Դեկտեմբերին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Ստեփանակերտի մէջ ռուս խաղաղապահներու զրահապատ մը ջախջախուած է, առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելու: