Աղօթքի ու աղօթողներու մասին թերեւս շատ խօսուած է քեզի, կամ՝ քարոզուած աղօթանուէր կեանքով ձեռք բերուած յաջողութիւններու եւ առաքինութիւններու մասին: Սակայն, պէտք է նաեւ պահ մը խորհիլ աղօթող մարդուն ունեցած յատկութիւններուն եւ զայն բնորոշող յատկանիշներուն մասին:
Ո՞վ կ’աղօթէ եւ ինչո՞ւ: Այս հարցումներուն պատասխանները նոյնքան պարզ պէտք է ըլլան, որքան հարցումները իրենք: Կ’աղօթէ բնականօրէն աստուածավախ մարդը: Աղօթքը բոլոր կրօնքներուն հոգին կը կազմէ, անոնց բուն էութիւնը: Իսկ պատուանդանը, որուն վրայ կը կանգնին կրօնքները՝ Աստուածադիր բարոյական օրէնքն է, որ կեանքի փոխյարաբերութիւնները կը կարգաւորէ, բնակելի միջավայրի վերածելով երեւելի այս աշխարհը:
Երկրորդ, կ’աղօթէ՝ իր կեանքին մէջ նիւթական թէ բարոյական նեցուկ փնտռող մարդը, որ խնդրամատոյց կ’ըլլայ Աստուծոյ, իր տագնապալի վիճակի բարելաւման համար: Այս տագնապը կրնայ նիւթական ծանր կացութիւն մը ըլլալ եւ կամ մարդկային կեանքի մէկ տխուր երեւոյթը, որ աղօթքին իբրեւ պատասխան կրնայ դրական գոյն ստանալ: Այս տագնապը կրնայ նաեւ յանկարծական վտանգ մը ըլլալ, որուն դիմաց անճրկած՝ ենթական կը դիմէ Աստուծոյ՝ գերագոյն ուժին, Անոր գերմարդկային կարողութեամբ փրկուելու յոյսով:
Երրորդ, կ’աղօթէ ուրիշին համար, այդ «ուրիշ»ը գուցէ ըլլայ ծանօթ կամ անծանօթ, հարազատ թէ օտարական, բարեկամ թէ թշնամի, անմեղ թէ մեղաւոր: Յիսուսի ալ տուած պատուէրը այս էր, նոր մարդը հինէն տարբեր ընելու եւ իր հետեւորդ քրիստոնեան, ոչ քրիստոնեայէն տարբեր ընելու միտումով (Մտ. 5.44): Այս երրորդ տեսակի աղօթողները կը զատորոշուին առաջին երկու տեսակի աղօթողներէն: Առաջինին պարագային՝ փառաբանական, օրհնաբանական աղօթատեսակը կը պարզուի մեր դիմաց, երբ մարդ էակը իր վայելած այս աշխարհին ու անոր բոլոր բարիքներուն համար երախտագիտութեամբ կը դիմէ Աստուծոյ ու կ’օրհնաբանէ Անոր անունը:
Երկրորդ աղօթատեսակը ուղղակի մեր անձերուն համար Աստուծոյ ուղղուած խնդրանքն է, որուն կեդրոնը մենք ենք, մեր բոլոր դժուարութիւններով ու ներքին տագնապներով: Անձնակեդրոն խնդրանքներու փունջ մը կը կազմեն սոյն երկրորդ տեսակի աղօթքները, որոնք Աստուծոյ գահին դիմաց կը դրուին, յարմար լուծումներու ակնկալութեամբ:
Աղօթքի երրորդ տեսակը ամէնէն աւելի փորձիչ, վտանգաւոր ու մարդկային բարոյական արժանիքները փորձաքարի զարնողն է: Հոս է, որ բարեպաշտ մարդուն «մորթը կը քերթուի», տակէն ի յայտ բերելու համար անոր հոգիին իսկական գոյնը:
Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով ու նմանութեամբ (Ծն. 1. 26), ինչպէս կը կարդանք Աստուածաշունչ մատեանին մէջ: Այդ պատկերն ու նմանութիւնը ֆիզիքական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել անպայման: Այլապէս մարդոց իրարմէ ունեցած տարբերութիւնները գործնական պիտի չըլլար միացնել:
Աստուծոյ պատկերին մարդուն ունեցած նմանութիւնը, ամէնէն աւելի աղօթքի պահուն ի յայտ կու գայ, երբ այդ պատկերը կ’արտացոլայ մարդուն հոգիի հայելիին մէջէն: Նայէ՛ աղօթող մարդուն, աղօթա՛ծ պահուն. եթէ իսկական աղօթող մըն է եւ անոր աղօթքին բովանդակութիւնը վերոյիշեալ աղօթատեսակներու երրորդին պարագային մարդոց միջեւ խտրութիւն չի՛ դներ, այն ատեն անպայման Աստուծոյ պատկերը պիտի տեսնես, անոր հոգիին մէջէն արտացոլացող: Այլապէս հոն միայն պիտի տեսնես կեղծիք, ծայրայեղ բարեպաշտական շարժումներ՝ ձեռքերու եւ մարմնի, տարածուն թեւերու թրթռացող մատներ եւ այլ աւելորդաբանութիւններ: Աղօթողը դիտէ՛ աղօթած պահուն, եւ եթէ իսկապէս կ’աղօթէ ան, փողերախումբի տողանցքն անգամ պիտի չլսէ եւ ոչ թէ կողքի զրուցակիցներուն խօսակցութիւնը լրտեսէ ու զայն ալ իր աղօթքին բովանդակութեան միախառնէ…:
Մեծագոյն անհեթեթութիւնը, սակայն, կը մնայ աղօթքի մէջ իսկ խտրութիւն դնելու երեւոյթը: Եկեղեցին աղօթքներ սահմանած է մարդոց համար, կենդանութեան թէ անոնց մահէն ետք կատարելու համար ուրիշին՝ մեր նմանին: Աստուծոյ գործակից ըլլալու մարդկային մեր պատիւը ամէն բանէ առաջ պայման ունի ուրիշին համար աղօթելը, որովհետեւ ատով Աստուծոյ պատկերը կ’արտացոլացնենք: Բարեպաշտ մարդոց հանդիպած եմ, որոնք կը մերժեն այս կամ այն անձին համար աղօթել, նկատի ունենալով որ անիկա մեղաւոր մըն է եւ անկարելի է զայն դարձի բերել: Ուրիշներ երկար տարիներ դիտելով մեղաւոր մարդու մը ապրած զեխ կեանքը, Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած անտարբերութիւնը, հաւատքի պակասը, անոր մահէն ետք կը մերժեն անոր հոգւոյն համար աղօթել: Սա հակաքրիստոնէական ամէնէն ակնառու մօտեցումն է, երբ դատաստանը, որ Որդիին տրուած է (հմմտ. Յհ. 5.22), աղօթող անձը ի՛նք յանձն կ’առնէ, եւ նախքան երկնային դատաստանը «ոչխարները այծերէն կը զատէ» (հմմտ. Մտ. 25.31-32), աշխատանք մը, որ դարձեալ Որդիին կը պատկանի: Աւելի՛ն, թերեւս այդ աղօթողը ի՛նք պէտք ունենայ աղօթք զլացուողին աղօթքին ու բարեխօսութեան, այնպէս, ինչպէս, փոխաբերական իմաստով, մեծատունը դժոխքին մէջ կարիքը ունեցաւ աղքատ Ղազարոսի մատին ծայրէն կախուած պուտ մը ջուրին, զովացնելու համար իր այրող ծարաւը (հմմտ. Ղկ. 16.24):
Մարդոց միջեւ խտրութիւն դնողներուն եւ իրենք զիրենք փրկուած կարծելով, մեղաւորներէ զիրենք հեռու պահելու ինքնահաւանութեամբ կուրցած մարդոց քննադատութիւնները լռեցնելու համար Յիսուս ըսաւ. «Առողջները չեն, որ բժիշկի պէտք ունին, այլ հիւանդները: Չեկա՛յ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները» (հմմտ. Մր. 2.17): Յիսուս ի՛նք կ’ըսէ. «Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար» (Մտ. 18.11): Այդ կորսուածները միայն ողջ ու այս աշխարհին մէջ ապրողները չեն, այլ նաեւ մեռածները: Իր մարդեղացումէն առաջ ծնած, ապրած ու մեռած նախահայրերուն հոգիները եւս ազատելու համար մինչեւ դժոխք իջաւ Քրիստոս իր երեքօրեայ թաղման միջոցին (հմմտ. «Աթանասեան հանգանակ» ժամագիրք):
Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ աղօթելու պարագային մարդոց միջեւ խտրութիւն դնող աղօթողը կրնայ տարբեր պատճառաբանութիւններով հիմնաւորել իր նպատակը: Երբեմն անիմաստ պատճառներն իսկ պատճառներու կը վերածուին, երբ պատճառաբանելու պատճառ ունի պատճառաբանողը…:
Լսած եմ, թէ հին օրերուն դրացիներ իրարմէ լուացքի պարան կը խնդրէին, որոնք հիւսուած կ’ըլլային շիւղերով, երբ տակաւին չկային արդի պարանները եւ ներկայ յարմարութիւնները: Անձ մը իր դրացիէն պարան կը խնդրէ, իսկ դրացին չտալու համար կը պատճառաբանէ ըսելով. «Ներողամի՛տ կ’ըլլաս, չեմ կրնար տալ, որովհետեւ վրան ալիւր փռած եմ»: Պատճառաբանութիւն….:
Մեղաւորին համար աղօթելը եւ առանց պայմանի աղօթելը շատ աւելի մեծ առաքինութիւն է, որուն ի պատասխան կրնայ Աստուծոյ գութը շարժիլ: Հոգեհանգստեան պաշտօնին ընթացքին երգուող շարականը Աստուծոյ կը ձգէ դատելու իրաւունքը, սակայն գութ կը հայցէ ննջեցեալ հոգիներուն համար, որովհետեւ բոլորս ալ «գինք սուրբ արեան Քո եմք», կը գրէ շարունակութեան վրայ (շարական):
Դատելու իշխանութիւնը Աստուծոյ իրաւասութիւնն է: Ան կրնայ աւազակն ու պոռնիկը Արքայութեան արժանացնել (հմմտ. Ղկ. 23.40-43, Յհ 8.11):